Եւրոպայի այժմու ամէնէն երիտասարդ եւ աչքառու միջնապահներէն Ժոաօ Նեւեշ, որ մաս կը կազմէ Փորթուգալի Պենֆիքա ակումբին, այս ամառ կրնայ փոխադրուիլ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»:
Փորթուգալեան ակումբը սակայն սակագին որոշած է Նեւեշի համար եւ կը պահանջէ առնուազն 120 միլիոն եւրօ:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, Արսենալ եւ Մանչեսթըր Սիթի լրջօրէն կը մտածեն ձեռք ձգել Նեւեշը, որ սակայն մինչեւ 2028 պայմանագրութիւն ունի Փորթուգալի մայրաքաղաքի ակումբին հետ:
Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Պենֆիքա չէ ծրագրած «ծախել» Նեւեշը, սակայն եթէ 120 միլիոնի առաջարկ ստանայ… ոչ չի կրնար ըսել:


