Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Սերխիօ Փերես Մինչեւ 2026 Ռետ Պուլի Հետ

June 6, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեքսիքացի Սերխիօ Փերես պիտի մնայ Ռետ Պուլի հետ մինչեւ 2026-ի աւարտը` 2 տարի երկարաձգելէ ետք իր պայմանագրութիւնը:

34 տարեկան Փերես 2-րդ դիրքը գրաւած էր 2023-ի Ֆորմիւլա1-ի եղանակի աւարտին` իր խմբակից Մաքս Վերշթափընի ետին, դառնալով Ռետ Պուլի առաջին զոյգը 1-2 դիրքերուն վրայ:

Այս յայտարարութիւնը մթնոլորտը քիչ մը նսեմացուց այս շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ տեղի ունենալիք կրան փրիի նախօրեակին` նկատի ունենալով, որ ամիսներէ ի վեր շշուկներ կային, թէ Փերես հաւանաբար փոխարինուի:

Աւստրալիացի Տանիէլ Ռիքքիարտօ իր կարգին կը յուսար վերադառնալ Ռետ Պուլի հիմնական խումբ` նկատի ունենալով, որ ան այժմ կը վարէ Ռետ Պուլի երկրորդ խումբին` Ար. Պի.-ի ինքնաշարժը: Քարլոս Սայնցի (Ֆեռարի) անունն ալ կը նշուէր` նկատի ունենալով, որ ան 2025-ին պայմանագրութիւն չունի որեւէ խումբի հետ:

Փերես, որ 2020-ի աւարտին միացած էր Ռետ Պուլին, ըսաւ, թէ Ռետ Պուլի հետ մրցիլը ուրիշ բանի չի նմանիր, թէ՛ մրցումի պահուն, թէ՛ այլուր:

«Շատ ուրախ եմ ապագաս այս խումբին հետ կապելուս համար: Ուրախ եմ այս խումբին հետ շարունակելու եւ օգնելու խումբի յաջողութիւններուն, 2 տարի եւս: Այս խումբին անդամ ըլլալը կը նշանակէ մարտահրաւէրներ ընդունիլ: Այս տարի զօրաւոր պայքար եւ ամբողջական հաւատք կայ խումբի ապագային նկատմամբ, եւ շատ ոգեւորուած եմ մաս կազմելու այդ ապագային», ըսաւ «Չեքօ» (Փերեսի ծածկանունը):

Վերշթափըն այս տարուան 8 մրցումներէն 5-ը շահեցաւ, բայց Ռետ Պուլ ունի քանի մը հարցեր, որոնց պատճառով կեդրոնացումը խախտեցաւ մանաւանդ եղանակի սկիզբը: Խումբի տնօրէն Քրիսթիան Հորնըր դատական հարցերու մէջ էր, երբ խումբին մաս կազմող օրիորդ մը յայտարարած էր, թէ ան վատ վերաբերմունք ունեցած է իր նկատմամբ, բայց աւելի ուշ «ամէն ինչ շտկուած է», մինչ Ֆորմիւլա 1-ի պատմութեան ամէնէն լաւ ինքնաշարժի գծագրիչ-ձեւագետ (տիզայնըր) Ատրիան Նիուի յայտնած էր, թէ պիտի լքէ Ռետ Պուլը յառաջիկայ տարի:

«Հիմա լաւ ժամանակ է հաստատելու 2025-ի մեր խումբը, եւ շատ ուրախ ենք Չեքոյի հետ շարունակելու: Վերջին քանի մը մրցումները քիչ մը դժուար էին, սուր պայքար կայ շրջավազքին վրայ, բայց հաւատք ունինք Չեքոյի կարողութիւններուն նկատմամբ եւ կը սպասենք իր հերոսական ելոյթներուն, զորս յաճախ կը տեսնէինք անցեալ տարի: Անցեալ տարի թերեւս միակ լաւ խումբն էինք, եւ պէտք է լաւ աշխատինք մեր տիտղոսներուն վերատիրանալու համար, մանաւանդ որ այս տարի քանի մը լաւ խումբեր կան, եւ պայքարը շատ սուր է», ըսաւ Հորնըր` յայտնելով որ կայունութիւնը շատ կարեւոր է յաջողութեան հասնելու համար:

Փերես, որ 6 կրան փրիներ շահած է իր ասպարէզի ընթացքին, այս տարի 3 անգամ 2-րդ դիրքը գրաւեց, իսկ 3-րդ դիրքը` Չինաստանի մէջ: Ան Մոնաքոյի վերջին կրան փրիին արկածով մը կիսատ ձգած էր մրցումը:

 

 

 

Նախորդը

Թենիս. Սինըր Թիւ 1 Հռչակուեցաւ Մրցում Չխաղցած

Յաջորդը

Սուսերամարտ. 10 Տարեկան Յակոբ Մանուկեան` Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.