Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուի Պոնոն:
Երկու բարձրաստիճան դիւանագէտները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան եւ Պաքու-Երեւան խաղաղ բանակցութիւններուն առնչուող հարցեր:
«Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ազրպէյճանական-ամերիկեան երկկողմանի եւ բազմակողմ համագործակցութեան օրակարգի տարբեր ուղղութիւններ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ հոլովոյթին շուրջ», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Պայրամով ընդգծած է, որ 10-11 մայիս Ալմաթիի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կը վկայէ երկկողմանի խաղաղ հոլովոյթի արդիւնաւէտութեան մասին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, Պոնօ նշած է, որ վերջին զարգացումները խաղաղ հոլովոյթի յաջողութեան յոյս կու տան: Ան վերահաստատած է, որ Ուաշինկթընը պատրաստակամ է աջակցելու բանակցութիւններուն եւ նպաստելու խաղաղութեան հոլովոյթին:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ կողմերը քննարկած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:


