Իտալիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար, փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին առաջարկած է Ուքրանիա մեկնիլ եւ անձամբ մասնակցիլ զինուորական գործողութիւններուն:
«Ես Մաքրոնին կ՛ըսեմ` դուն Ուքրանիա գնա կռուելու, սաղաւարտ դիր եւ մի՛ խաբեր իտալացիները, որոնք կ՛ուզեն խաղաղ ապրիլ», ըսած է ան` Պարիի մէջ «Լիկա» կուսակցութեան նախընտրական հաւաքի ժամանակ:
Ան միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է. «Երբեք իտալական փամփուշտ կամ ռումբ Ռուսիա պիտի չերթայ, որովհետեւ մենք չենք ուզեր, որ երրորդ համաշխարհային պատերազմ ըլլայ»:
Սալվինի վերջերս պարբերաբար քննադատած է ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը Քիեւին զինուորական աջակցութեան մեծացման վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման եւ ուքրանական զինեալ ուժերուն Ռուսիոյ արեւմտեան զէնքով հարուածներ հասցնելու արտօնութիւն տալու պատրաստակամութեան համար:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահը ուքրանական տագնապին նիւթով քանի մը հակասական յայտարարութիւններ կատարած է: Մասնաւորաբար, ըստ Մաքրոնի, Փարիզը չի բացառեր զօրքերը մարտական գօտի ուղարկելու կարելիութիւնը, եթէ Ռուսիան ճեղքէ յառաջնագիծը եւ Քիեւը օգնութիւն խնդրէ:
Անցեալ երեքշաբթի օր ան ըսած էր, որ Քիեւին պէտք է արտօնուի խոցել ռուսական տարածքին մէջ գտնուող թիրախները, ուրկէ կը կատարուի հրթիռակոծութիւնը: Սակայն քաղաքական գործիչը ասիկա սրում չի նկատեր:
Բացի ատկէ, ինչպէս ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը գրած է, Մաքրոն կ՛ուզէ ստեղծել եւրոպական դաշինք` Ուքրանիա զինուորական հրամանատարներ ուղարկելու համար: Ըստ հրատարակութեան, ատիկա կրնայ «շաբաթներու կամ նոյնիսկ օրերու հարց ըլլալ»:


