«Ռուսիան այսօր Միացեալ Նահանգներու համար թշնամաբար տրամադրուած պետութիւն է, ինչպէս Միացեալ Նահանգները` Ռուսիոյ համար», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը այս մասին խօսած է` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներէն նախկին հետախոյզ Սքոթ Ռիթըրի ելքը արգիլելու մասին Ուաշինկթընի մէջ տրուած որոշումը:
Ռիթըր կը պատրաստուէր մեկնիլ Ռուսիա` Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովին մասնակցելու համար:
«Գաղտնի սպասարկութիւններու նախկին աշխատակիցներու վրայ նման սահմանափակումներ կրնան տարածուիլ յատկապէս, եթէ խօսքը թշնամական պետութիւն այցելութեան մասին է», նշած է Փեսքով:


