Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ հրդեհները սնանկութեան եւ զսպման քաղաքականութեան շարունակման փաստ են, եւ ժամանակն է, որ Լիբանանը այրի»:
Ան նշեց. «Եթէ ռմբաձիգներու եւ հրթիռներու պատասխանատուութիւնը ինծի յանձնուէր, Հըզպալլան պիտի գիտնար, թէ Իսրայէլի իսկական պատասխանը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»:
Պեն Ղաֆիր նաեւ սպառնաց այսօր նախատեսուած իսրայէլացի բնակեցուածներու սադրիչ «Դրօշներու երթ»-ի ընթացքին Աքսայի մզկիթ ներխուժել: «Պէտք է գանք եւ ըսենք, որ տաճարի լեռը մերն է եւ Երուսաղէմը մերն է: Եթէ մենք մեզ տեղւոյն սեփականատէրը նկատենք, ապա մեր թշնամիները մեզ հաշուի պիտի առնեն», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Հրդեհները Քըրիաթ Շմոնայի տուները կը կլանեն»:
Նշենք, որ Հարաւային Լիբանանի հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակման լոյսին տակ, Հըզպալլան հրթիռակոծած էր իսրայէլեան դիրքեր:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր ուժերը յաջողած են վերահսկողութեան տակ առնել հրդեհները, ինչպէս նաեւ խոստովանեցաւ, որ պահեստի զօրքերէն վեց զինուորներ անհանգստացած են` «Հիւսիսային Իսրայէլի մէջ հրդեհներու պատճառով ծուխ շնչելու հետեւանքով»:


