Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքրի Քանի յայտարարեց, որ հաւանական է, որ այս շաբաթ, իբրեւ առաջին քայլ, ձեռնարկէ շրջանային շրջապտոյտի մը, որ պիտի ներառէ Լիբանանն ու Սուրիան` արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքներու եւ զինադադարի հաստատման ջանքերու քննարկման համար շրջապտոյտի նախկին այցելութիւններու ծիրին մէջ:
Ան «Դիմադրող ու անիրաւուած Կազա» միջազգային համախմբումի ծիրին մէջ իր յայտարարութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ վերոնշեալ երկիրներու իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ դիմադրութեան շարժումներուն հետ ընթացող քննարկումներուն միջոցով «սիոնականներուն դիմակայման մէջ ջանքերու լուրջ համակարգում կ՛իրագործուի»:
«Իրան պաղեստինցի ժողովուրդի դիմադրութեան եւ սիոնական յարձակումի դիմակայման մէջ առանցքային ու կարեւոր դեր խաղցած է եւ կը խաղայ», ըսաւ Քանի` աւելցնելով, որ իր երկիրն ու Դիմադրութեան առանցքը կը ձգտին սադրանքն ու շրջանի բռնկեցումը մերժելու ճամբով վերականգնել շրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը:
«Դիմադրութիւնը փաստեց, որ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը պաշտպանէ», ըսաւ ան:
«Սիոնական գոյացութեան Կազայի մէջ գործած ցեղասպանութիւնը անոր կրած պարտութիւնները պիտի չթաքցնէ», յայտնեց Քանի` աւելցնելով. «Պէտք է աշխատանք տանիլ դիմադրելու զինուորական մեքենային, որ կը սպաննէ պաղեստինցի ժողովուրդը: Յաղթանակը հեռու չէ, եւ մօտ օրէն Երուսաղէմի մէջ նամազ պիտի կատարենք»:


