ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մօտ 8 ամիսներէ ի վեր կը պայքարէր բարձրանալու Գ. դասակարգ եւ բաւական յաջող ելոյթներէ ետք գլխաւոր թեկնածուներէն էր, շաբաթ օր հիւսիսային Լիբանանի Անսար Մաուատա ակումբին դէմ Սաֆայի դաշտին վրայ ունէր վճռական մրցում մը, որ սակայն վերջ գտաւ մրցակիցին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին առաջին վայրկեանին կոլ ստանալէ ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք բաւական կորսուած վիճակ մը ունեցան, սկսան հետզհետէ ձեռք առնել մրցումի ղեկը եւ վտանգներ ստեղծելէ ետք կրցան հաւասարութեան կոլը նշանակել 29-րդ վայրկեանին` շնորհիւ կոլսքորըր Եուսեֆ Համարէի:
Այս կոլը վերստին աշխուժացուց տղաքը, սակայն մինչեւ կիսախաղ արդիւնքը մնաց անփոփոխ:
Պէտք է ըսել, որ մրցակիցը շատ դիւրին կը հասնէր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի բերդը` մրցումի ամբողջ տեւողութեան, սակայն բերդապահ Պաթրաշ արթուն էր եւ կը մնար անդրդուելի:
Մրցակիցը յաճախ 2-3 մարզիկներով կը յարձակէր, մինչ Սոնտոս-Էլի Փիլաւճեան զոյգը, որոնց վրայ «ձգուած» էր անոնց զսպումը, դժուարութիւն կ՛ունենային պաշտպանելու: Սոնտոս, կարծես առաջին մրցումը կը կատարէր եւ կը փորձէր բոլոր գնդակները ինքը զսպել. ան միշտ ալ կը շուարեցնէր իր խմբակիցները:
Բ. կիսախաղին, մանաւանդ Ֆատըլ Ռիտայի դաշտ ներկայանալէն ետք, ՀՄԸՄ փորձեց կոլ մը եւս նշանակել, բայց կարելի չեղաւ:
Մրցակիցը քոռնըրէ մը ետք գլխու հարուածով գնդակը զետեղեց ՀՄԸՄ-ի բերդին մէջ, բերդի սիւնին օգնութեամբ:
Մնացեալ փոփոխութիւնները բան չփոխեցին մրցումի արդիւնքէն, մինչ տեղ մը իրաւարարը կրնար փենալթի մը շնորհել ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին, երբ բերդապահը եւ յետսապահ մը գնդակին դէմ պաշտպանելու տեղ խոշտանգած էին Մուսաուին:
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ առաջին կիսախաղին իրաւարարը կրնար փենալթի մըն ալ շնորհել մրցակից խումբին` կիսախաղի աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ:
Մրցումին աւարտին, մրցակից խումբը կը տօնէր Գ. դասակարգ բարձրանալու իրաւունքը, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնց 4-5 մարզիկները վիրաւոր վիճակով կը խաղային, տարի մը եւս պիտի սպասեն, անգամ մը եւս պայքարելու Գ. դասակարգ բարձրանալու համար` սորվելով այս տարեշրջանի պզտիկ սխալներէն:
Քիչ կը պատահի, որ որեւէ խումբ կարճ ժամանակի մէջ պատրաստուի եւ բարձրանայ դասակարգ մը: Աշխատանքը պէտք է սկսիլ այսօր, իսկ յառաջիկայ տարեշրջանին աւելի լաւ պատրաստուիլ:
Վարձքը կատար բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք ամիսներէ ի վեր աշխատեցան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը բարձրացնելու համար Գ. դասակարգ, երազ մը, որ պիտի իրականանար մէկ մրցումի ընթացքին, սակայն այս է ֆութպոլը, եւ յառաջիկայ տարի այս խումբին անդամները իրարու հետ աւելի լաւ արդիւնքներ կրնան բերել եւ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ:
Վարձքը կատար մարզիկներուն, որոնք իրենց ցաւերը մոռնալով իրենց կարելին ըրին, բայց երբեմն նոյնիսկ լաւագոյնը կրնայ պարտութիւն կրել: Կարեւորը պարտութենէն ետք սխալներէն սորվիլն է, ապագային նոյն սխալը չկրկնելու համար:


