Նիւ Եորքի երդուեալ ատենակալները Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը մեղաւոր ճանչցան բոլոր 34 կէտերով: Թրամփ կը մեղադրուի 2016 թուականի ընտրութեան ընդառաջ փաստաթուղթեր կեղծելու յանցանքով: Ան այդ ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած էր:
Այսպիսով, Տանըլտ Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ մեղաւոր ճանչցուած է յանցագործութեան համար:
Մեղադրական դատավճիռին հիման վրայ դատական վճիռը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ: Կ՛ակնկալուի, որ ատիկա տեղի ունենայ 11 յուլիսին: Այսպիսով, Թրամփ կրնայ դատապարտուիլ երկրի նախագահական ընտրութենէն առաջ: Ան կրնայ ենթարկուիլ տուգանքի, պայմանական պատիժի կամ 4 տարի փաստացի բանտարկութեան:
Թրամփ, որ նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութեան Հանրապետական կուսակցութեան հաւանական թեկնածուն է, յայտարարած է, որ իր փաստաբանները պիտի բողոքարկեն վճիռը: «Ատիկա (դատական հոլովոյթը», «Ա.») տակաւին չէ աւարտած», ըսած է ան:
«Ես մեղաւոր ճանչցուեցայ կեղծուած դատավարութեան հետեւանքով, ես քաղաքական բանտարկեալ եմ», կը նշուի Թրամփի նախընտրական կայքի գլխաւոր էջին վրայ:
Ան նաեւ «խայտառակութիւն» կոչած է երդուեալ ատենակալներուն հրապարակած մեղաւորութեան որոշումը եւ ըսած, որ անմեղ է եւ «մինչեւ վերջ պիտի պայքարի»:
5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մէջ Թրամփի դեմոկրատական մրցակից, գործող նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը Սպիտակ տունէն դուրս պահելու միակ ձեւը քուէատուփերն են»:
Պայտընի ընտրական գրասենեակը յայտնեց, որ մեղադրական դատավճիռը փաստ է, որ «ոչ ոք օրէնքէն վեր է»:


