Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Քիեւը անաղմուկ լիազօրած է» Միացեալ Նահանգներու մատակարարած զէնքերով հարուածելու Ռուսիոյ մէջ գտնուող զինուորական դիրքերը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի օր այս մասին յայտնած են ամերիկացի չորս պաշտօնատարներ:
Անոնք մանրամասնած են, որ Պայտընի որոշումը կը վերաբերի միայն այն թիրախներուն, որոնք կը գտնուին Խարքովի մարզի սահմանին մօտ, ուր կը շարունակուի 10 մայիսին Մոսկուայի սկսած յարձակումը:
Խարքովը Ուքրանիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաքն է եւ կը գտնուի Ռուսիոյ սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
«Նախագահը վերջերս յանձնարարեց իր խումբին ապահովել, որ Ուքրանիան կարենայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մատակարարուող զէնքերը օգտագործել` հակազդելու Խարքովի մարզին մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն, որպէսզի Ուքրանիան կարենայ պատասխան հարուած հասցնել ռուսական ուժերուն, որոնք կը յարձակին կամ կը պատրաստուին յարձակիլ իրենց դէմ», ըսած է ամերիկացի պաշտօնատարներէն մէկը:
Ուքրանիոյ իշխանութիւնը դաշնակիցները կը յորդորէ արտօնել, որ ուքրանական բանակը արեւմտեան զէնքը օգտագործէ նաեւ Ռուսիոյ տարածքին մէջ զինուորական թիրախներ հարուածելու համար:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարն ու շարք մը երկիրներ, ներառեալ Ֆրանսան, Գերմանիան ու Բրիտանիան արդէն յայտարարած են, որ Քիեւը նման հարուածներու իրաւունք ունի:
Չորեքշաբթի օր ատիկա չէր բացառած նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն` փաստացի արձանագրելով, որ որոշ պահու անհրաժեշտ պիտի ըլլայ այդ արգելքը վերատեսութեան ենթարկել:


