Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեաններուն Կտակը

May 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԷ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» Պատանեկան Միութիւն

Հայ մեծերէն Նիկոլ Աղբալեան Արամ Մանուկեանին մասին ըսած է. «Երբ գիշերը գայ, ու մտնէք ձեր սենեակը, խօսեցէք ձեր խղճի հետ եւ ըսէք, արդեօք աշխատա՞ծ էք հայ ժողովուրդին համար այնպէս, ինչպէս Արամ Մանուկեանը: Եղա՞ծ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը: Տուա՞ծ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը…»:

Ո՞վ էր Արամ Մանուկեանը, որ Նիկոլ Աղբալեան` մեծ հայ մը, իր մասին այսպիսի խօսքեր պիտի ըսէր: Մանուկեան ա՛յն հերոս արցախցին էր, ա՛յն մեծ հայն էր, որ Շուշիի բարձունքներէն հասաւ մինչեւ Վան, կազմակերպեց Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, կերտեց Սարդարապատ, փրկեց Հայաստանը ու 28 մայիս 1918-ին կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ան դարձաւ պետականութեան խորհրդանիշ, որ օրինակելի է, եւ որուն պէտք է հետեւին բոլոր հայերը` երիտասարդներն ու պատանիները:

Արդեօք իսկապէս բոլորս կը հետեւի՞նք Արամի օրինակին: Դժուար է պատասխանելը:

Անկեղծօրէն պէտք է խոստովանինք, որ ոչ, այնքան ալ անորոշ չէ պատասխանը: Եթէ հայերը հետեւած ըլլային Արամի օրինակին, մենք այսօր այս վիճակի մէջ չէինք ըլլար:

Այսօր կ՛ունենայինք հզօր, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Սակայն չունինք այդ Հայաստանը: Ինչո՞ւ: Մենք փորձեցինք Արամն ու Արամին նմանները մեր պատմութենէն դուրս հանել, հայոց դասագիրքերէն շպրտել… Դժբախտաբար այսօր կան մարդիկ, որոնց շարքին են Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններն ու անոնց հետեւորդները, որոնք ոչ միայն խորտակեցին Արամին երազը, այլ կորսնցուցին անոր հայրենիքը եւ կը շարունակեն վտանգի մէջ պահել ամբողջ հայ ժողովուրդին գոյութիւնը: Եւ այս պատճառով, ահաւասիկ, այսօր մենք չունինք Արցախ, եւ արդէն Տաւուշն ու Սիւնիքը վտանգի մէջ են:

Հիմա կը վախնամ մտնելու սենեակս: Կը վախնամ մտածելու, որովհետեւ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տամ Նիկոլ Աղբալեանին: Ի՞նչ պատասխան պիտի տամ այն մեծ հայերուն, որոնք ինծի փոխանցած են հայրենիքը ազատ ու անկախ պահելու կտակը:

Բայց մենք` իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրող դաշնակցական հայ պատանիներ, կը խոստանանք ամուր պահել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարը:

Եթէ բոլոր հայ պատանիները հետեւին նոյն ուխտին, շուտով կ՛իրականացնենք նիկոլաղբալեաններու, արամմանուկեաններու, ռուբէն տէրմինասեաններու երազը…

Իրականացնե՛նք մեծերուն կտակը:

Նախորդը

Դէպի Պայծառ Ապագայ

Յաջորդը

Պատանեկան Էջ. Մեր Խօսքը. Սրբազան Պայքարի Ջահակիրները…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.