Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի Ռոլան Կարոսի մրցաշարքին, այժմ կը մասնակցի Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցող Ժընեւի բաց մրցաշարքին` հրաւէր ստանալէ ետք:
Իր առաջին մրցումին, Ճոքովիչ 2 ժամ 33 վայրկեան պայքարէ ետք կրցաւ թիւ 85 դասուած թենիսմեն Եանիք Հանֆմանի (Գերմանիա) յաղթել 6-3, 6-3 արդիւնքով: Հանֆման նախապէս 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով դուրս ձգած էր Անտի Մարէյը, որ 37 տարեկանին տակաւին կը փորձէ շարունակել իր ասպարէզը:
Անակնկալ արդիւնքով մը, ամերիկացի Ալեքս Միքըլսըն 6-4, 4-6 եւ 7-5 արդիւնքով դուրս ձգեց թիւ 3 դասուած ազգակից Թէյլըր Ֆրիցը:
Թիւ 2 դասուած Քեսփըր Ռուուտ (Նորվեկիա) սեթ մը կորսնցնելէ ետք աւստրիացի Սեպասթիան Օֆնըրի դէմ, կրցաւ 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթել եւ աւարտել մրցումը:
Թիւ 6 դասուած Թալոն Կրիքսփուր (Նետերլանտներ) 6-7, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տենիս Շափովալովը (Քանատա):


