Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով երէկ բանակին ուղղեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան 24-րդ տարեդարձին ընթացքին երկրին դէմ կը գործուին բռնարարքներ եւ անոր գերիշխանութեան դէմ կ՛արձանագրուին ամէնօրեայ ոտնձգութիւններ` թշնամի Իսրայէլին կողմէ:
«Թշնամի մը, որ եօթը ամիսներէ ի վեր պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործէ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը ուղղակիօրէն կապուած է պատմական ճշմարտութեան մը, որուն ընթացքին բռնագրաւուած հարաւային Լիբանանը մեծաւ մասամբ ազատագրուեցաւ եւ կարելի եղաւ դիմադրել մեր հողերուն դէմ իսրայէլեան ախորժակներուն: «Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, այս տօնը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ ազատագրումի նուաճումը պահպանելու համար պէտք է ազգային միասնականութեան եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն տէր կանգնինք», շեշտեց բանակի հրամանատարը:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց բանակայինները, որոնք հաւատարիմ մնացին բանակայինի իրենց ուխտին եւ յանձնառութիւններուն` ամէնէն դժուար ու ծանր պայմաններուն ընթացքին մնալով հայրենիքի կողքին: «Այս իրականութիւնը կը մղէ լիբանանցիները յոյսով լեցուելու, որովհետեւ դուք անոնց ուժն էք ու Լիբանանի գոյութեան երաշխիքը, ինչպէս նաեւ բարեկամ ու եղբայր երկիրներու վստահութիւնը կը վայելէք», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն, պետութիւններուն ու արտերկրի լիբանանցիներուն, որոնց օժանդակութիւններով կարելի կ՛ըլլայ բանակը պահել ու անոր կարիքները հոգալ եւ կարողութիւնները բարելաւել, որպէսզի ան կարենայ հայրենիքի պաշտպանութեան իր առաքելութիւնն ու ազգային պարտականութիւնները կատարել եւ ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցիլ եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել:


