Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը յայտնած է, որ Մոլտովան դարձաւ առաջին երկիրը, որ Եւրոպական Միութեան հետ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ուխտ ստորագրեց:
«Այս գործընկերութիւնը պիտի ուժեղացնէ երկրի կայունութիւնը, պիտի արտօնէ անվտանգային մարտահրաւէրներու դէմ միացեալ մօտեցումներ մշակել, աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ մեր ներգրաւուածութիւնը եւ պիտի արտօնէ բացայայտել համագործակցութեան նոր ասպարէզներ», «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Պորել:


