Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Նախագահի Գրասենեակը Նոր Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ

May 23, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ղոլամ Հոսէյն Էսմայիլի պատմած է նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի կործանման նոր մանրամասնութիւնները: Վարչակազմի ղեկավարը գտնուած է Ռայիսիի ուղղաթիռին ընկերակցող ուղղաթիռին մէջ, որ յաջող էջք կատարած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Անոր համաձայն, թռիչքի ընթացքին եղանակային պայմանները բնական եղած են:

«Ատիկա մշուշ չէր. թերեւս կիրճի խորքին մէջ մշուշ կար, սակայն մեր թռիչքի ճամբուն վրայ մշուշ չկար: Ամպերը քիչ մը աւելի բարձր էին, քան ուղղաթիռը», ըսած է պաշտօնատարը:

Ըստ Էսմայիլիի, նախագահի ուղղաթիռի օդաչուն բոլոր ուղղաթիռներուն հրամայած է ամպերէն վեր բարձրանալ: Օդաչուները ենթարկուած են հրամանին: Ատկէ շուրջ 30 երկվայրկեան ետք ուղղաթիռի անձնակազմը նկատած է նախագահական ուղղաթիռի անհետացումը: Ետքը օդաչուն քանի մը պտոյտ կատարած է` փորձելով գտնել նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը տեղափոխող ուղղաթիռը կամ կապուիլ անձնակազմէն կամ ուղեւորներէն մէկուն հետ: Մէկուկէս վայրկեան կարելի չէ եղած կապ հաստատել. արդէն այն ժամանակ կ՛ենթադրուէր, որ «Պել 212»-ը արկածի ենթարկուած է:

Ապա կապ հաստատած է Իրանի Թաւրիզ քաղաքի Ճումա մզկիթի իմամ Սայէտ Մոհամետ Հաշեմը: Ան եղած է անհետացած ուղղաթիռին մէջ եւ յայտնած է կործանման մասին: Անոր հետ կապը պահպանուած է մահուան նախորդած քանի մը ժամուան ընթացքին:

Նշենք, որ երէկ Թեհրանի մէջ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Իրանի նախագահի, արտաքին գործոց նախարարի եւ արկածի միւս զոհերու հրաժեշտի արարողութիւնը` ղեկավարութեամբ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի:

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Ատլուն

Յաջորդը

Մոլտովան Դարձաւ Եւրոպական Միութեան Հետ Անվտանգութեան Եւ Պաշտպանութեան Ուխտ Ստորագրած Առաջին Երկիրը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.