Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանցիներու Մեծ Բազմութիւն Մը Վերջին Հրաժեշտ Տուաւ Ռայիսիին Ու Միւս Զոհերուն

May 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան Թաւրիզ քաղաքին մէջ երէկ սկիզբ առաւ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով Իրանի մահացած նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի եւ միւս զոհերուն հրաժեշտի արարողութիւնը: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Սուգի արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Քոմի եւ Թեհրանի մէջ: Ապա Ռայիսիի մարմինը տեղափոխուեցաւ հայրենի Մաշհատ քաղաք, ուր 23 մայիսին տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը:

Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալի «Սոլովիով. ԼԱՅՎ»-ի եթերէն յայտարարեց, որ Ռայիսիի, Ապտոլլահեանի եւ այլ պաշտօնատարներու մահուան հետաքննութիւնը մինչեւ վերջ պիտի տարուի:

«Մեր բոլոր ղեկավարները իրենց ջանքերը կեդրոնացուցած են յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարելու համար, բնականաբար մենք աւարտին պիտի հասցնենք հետաքննութիւնը:

«Անկասկած, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ համապատասխան նախարարութիւններն ու իշխանութիւնները հետաքննութեան սկսած են, եւ, ի հարկէ, անոնք պիտի ունենան յստակ զեկուցում, եւ այս զեկուցումը պիտի յանձնուի գերագոյն առաջնորդին, ինչպէս նաեւ Իրանի ժողովուրդին», ըսած է Ժալալի:

Իրանի դեսպանը նաեւ վստահեցուցած է, որ Թեհրանի արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի: Անոր համաձայն, այդ ոլորտը կը գտնուի գերագոյն առաջնորդի իրաւասութեան տակ:

Դեսպանը 20 մայիսին յայտարարած էր, որ նախագահի ուղղաթիռին դէմ «ահաբեկչական յարձակումի» վարկածի մասին ոչինչ գիտէ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը, յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ուշադիր կը հետեւին, թէ Իրանը ինչպէ՛ս կը յաղթահարէ երկրի նախագահի մահէն ետք յառաջացած ճգնաժամը:

Հրատարակութեան համաձայն, Ճօ Պայտընի վարչակազմը Թեհրանի շրջանային քաղաքականութեան հարցին մէջ էական փոփոխութիւններ չի սպասեր մինչեւ պետութեան նոր ղեկավարի նշանակումը, սակայն կը զգուշանայ մագլցումի վտանգներէն:

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի զրուցակիցներուն, Սպիտակ տունը մտավախութիւն ունի, որ Իրան կրնայ Միացեալ Նահանգները կամ Իսրայէլը մեղադրել Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան համար: Նման քննարկումները, ըստ աղբիւրներէն մէկուն, սկսած են կործանուած նախագահական ուղղաթիռի երկարատեւ որոնումներու լոյսին տակ: Ամերիկացի պաշտօնատարները կիրակի, 19 մայիսին անհանգստութեամբ կը սպասէին անհետացած ուղղաթիռի որոնողական աշխատանքներու թարմացումներուն եւ ժամերով կը մտածէին, թէ արկածը ինչպէ՛ս կրնայ փոխել Միջին Արեւելքի կացութիւնը: Քանի որ որոնումները երկարած են, Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները կը սպասէին լսել, թէ Իրանը որո՛ւ կրնայ մեղադրել արկածին համար: Մտավախութիւն կար, որ Թեհրանը կրնար պնդել, որ Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները դիտմամբ խանգարած են նախագահի ուղղաթիռը: Սակայն, ըստ հետախուզական տուեալներու, արկածին պատճառը վատ եղանակը եղած է:

«Այդ պահուն երրորդ համաշխարհային պատերազմի հաւանական բռնկման հարցը այլեւս խենթութիւն չէր թուեր», պատմած է զրուցակիցներէն մէկը:

«Փոլիթիքօ»-ն կը նշէ նաեւ, որ Իրանը օգնութիւն խնդրած է Միացեալ Նահանգներէն` ջախջախուած ուղղաթիռի բեկորները գտնելու համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը երկուշաբթի օր ցաւակցութիւն յայտնած է Թեհրանին` նախագահի մահուան վերաբերեալ: Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթին 20 մայիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները աղէտին հետ կապ չունին:

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Կալանթ Եւ Հալեւի Սալիվընին Ներկայացուցին Համասը Պարտութեան Մատնելու Այլընտրանքները»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.