Երէկ յստակացան «Էն. Պի. Էյ.»-ի երկու շրջաններու աւարտական մրցումներու հասնող խումբերը, երբ անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց եւ Նիւ Եորք Նիքս դուրս մնացին յաջորդաբար Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն եւ Ինտիանա Փէյսըրզէն:
Քոլորատոյի մէջ, Տենվըր Նակեթց իր 20 հազար համակիրներուն ներկայութեան շատ լաւ մրցում կ՛ունենար մինչեւ կիսախաղ եւ պահ մը 20 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ:
Բ. կիսախաղին, Մինեսոթա «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի նոր մրցանիշ մը հաստատեց արդիւնքը յեղաշրջելով 7-րդ մրցումին: Անթոնի Էտուըրտծ, որ 4 կէտ եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգած էր մինչեւ կիսախաղ, իր խմբակիցներուն հետ միասնաբար շատ լաւ 24 վայրկեաններ խաղցաւ 2 մասերու վրայ: Անոնք իրենք զիրենք գտնելով կրցան լաւ ձեւով պաշտպանել Նիքոլա Եոքիչի եւ Ճամալ Մարէյի դէմ: Մարէյ, որ 24 կէտ նշանակած էր մինչեւ կիսախաղ, 11 կէտ կրցաւ նշանակել 2-րդ կիսախաղին, երբ Էտուըրտծ սկսաւ զինք նեղի մատնել:
Վուլվզ, որ ունի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն լաւ պաշտպանողականը, 3-րդ մասին 28-9 արդիւնքով յառաջացաւ 67-66-ի դարձնելով արդիւնքը, մինչեւ 4-րդ մաս: Ռուտի Կոպեր 4-րդ մասը սկսաւ 2 կէտով առաջին անգամ ըլլալով առաջ տանելով Մինեսոթան` 67-68: Երբ Քարլ-Անթոնի Թաունզ 5-րդ ֆաուլը կատարեց, Նեզ Ռիտ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն թիւ 6 (պահեստի) մարզիկը ընտրուած էր, շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ թէ՛ պաշտպանելու, թէ՛ յարձակելու վրայ` Մինեսոթան յառաջ տանելով:
Մրցումի լաւագոյն պահերէն մէկը այն էր, որ երբ Մինեսոթա 85-82 արդիւնքով կը յաղթէր, Ռիտ 2 կէտեր աւելցուց ազատ հարուածով, ապա տանք մը, եւ յետոյ էսիսթ` Էտուըրտծին, որ նշանակեց 3 կէտ, արդիւնք` 92-82 մրցումի աւարտէն 3 վայրկեան առաջ:
Մարէյ, որ շատ վատ ելոյթ մը ունեցած էր Տենվըրի 115-70 արդիւնքով պարտուած խաղէն 6-րդ ճակատումին, 35 կէտ նշանակեց, մինչ Եոքիչ 34 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, սակայն Տենվըրի մնացեալ մարզիկները բնաւ լաւ վիճակի մէջ չէին:
«Մրցումը իրենց ուսերուն վրայ դրուած էր: Կը սպասենք, որ Եոքիչ եւ Ճամալ շարունակ գլխարկին մէջէն նապաստակ հանեն… Միւսներն ալ պէտք է օգնեն իրենց», Նակեթցի մարզիչ Մայքըլ Մալոն յայտնեց մրցումէն ետք:
Ժամանակը կ՛աւարտէր, երբ Էտուըրտծ գնդակը հետը հանդարտօրէն կը յառաջանար համակիրներուն ուղղութեամբ «մնաք բարով» ըսելով: Տենվըր 41 մրցումներու ընթացքին միայն 8 պարտութիւն կրած էր, բայց փլէյ օֆի մրցումներուն 3 պարտութիւն կրեց Մինեսոթայէն:
Մինեսոթայի լաւագոյն մարզիկներն էին Քարլ-Անթոնի Թաունզ (23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Ճէյտըն Մաքտանիելզ (23 կէտ, 6 ռիպաունտ), Անթոնի Էտուըրտծ (16 կէտ, 8 ռիպաունտ), Նեզ Ռիտ (11 կէտ) եւ Մայք Քոնլի (10 կէտ): Ռուտի Կոպեր 13 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ 6-րդ ֆաուլը կատարելով դուրս եկաւ վերջին վայրկեաններուն:
«Շատ լաւ զգացում է: Այս որակի խումբի մը յաղթելը, ախոյեան խումբ մը, որ ունի աշխարհի լաւագոյն մարզիկը», ըսաւ Կոպեր:
Մինեսոթա 20 տարի առաջ հասած էր Արեւմտեան շրջանի աւարտականին` դուրս ձգելով Սաքրամենթոն 7 մրցումներէ ետք:
Արեւմտեան շրջանի աւարտականին Մինեսոթա պիտի մրցի Տալաս Մեւրիքսի դէմ: Մինեսոթա 3-րդ դասուած խումբն է եւ իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 5 դասուած Տալասը:
Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի 7-րդ մրցումին, Նիւ Եորք Նիքս Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ չկրցաւ զսպել «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն լաւ յարձակողական խումբը` Ինտիանա Փէյսըրզը:
Թայրիս Հելիպըրթըն 26 կէտ նշանակեց եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշ հաստատեց 67 առ հարիւր տոկոսով նշանակելով ի նպաստ Ինտիանայի, որ վերջին 10 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աւարտական:
Ինտիանա 123,3 կէտ նշանակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանին, որ 6-րդ ամէնէն բարձրն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ նշանակեց 140 կէտ կամ 11 անգամ աւելի, ինչ որ մրցանիշ մըն է:
Երբ 3-րդ մասը սկսաւ, Ինտիանա արդէն 76 տոկոսով կը հարուածէր, առաւելագոյնը 1997-էն ի վեր փլէյ օֆի մրցումի մը: 70-55 արդիւնքով յառաջացած Ինտիանա կը պատասխանէր ամէն անգամ, որ Նիւ Եորք կը փորձէր մօտենալ:
Ճէյլըն Պրանսըն երկրորդ կիսախաղին ձեռքը կոտրեց եւ լքեց մրցումը, մինչ Օ. Ճի. Անունպի, որ 4 մրցումներէ բացակայած էր ձախ ոտքի ցաւի պատճառով, հազիւ 5 վայրկեան մասնակցեցաւ: Նիւ Եորք կը փորձէր 2000-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտական, սակայն վիրաւոր մարզիկները չօգնեցին:
Թայրիս Հելիպըրթըն (26 կէտ, 6 էսիսթ), Էնտրու Նեմպհարտ (20 կէտ), Փասքալ Սիաքամ (20 կէտ), Արոն Նեսմիթ (13 կէտ), Մայլզ Թըրնըր (17 կէտ) եւ Թի. Ճէյ. Մաքոնըլ (12 կէտ) շատ լաւ ելոյթ ունեցան ի նպաստ Փէյսըրզի:
Տոնթէ Տիվինչենցօ 39 կէտ նշանակեց, մինչ Ալեք Պըրքս աւելցուց 26 կէտ ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ վիրաւորներու երկար շարք ունէր:
Ինտիանա, որ 6-րդ դասուած խումբն է Արեւմտեան շրջանի, պիտի մրցի Պոսթընի դէմ Արեւելեան շրջանի ախոյեանի տիտղոսին համար:


