Վաղը ժամը 16:00-ին, Իմոլայի շրջավազքին վրայ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 7-րդ կրան փրին` Էմիլիա Ռոմանիա կրան փրին, որ Ֆեռարիի «տունը» կը նկատուի:
Վերջին կրան փրին (Մայեմիի մէջ) շահելէ ետք, Լանտօ Նորիս Մաքլարենի հետ սկսաւ կասկածներ արթնցնել Ռետ Պուլի գերակայութեան գծով:
Կը կարծուէր, թէ միայն Ֆեռարի կրնայ նեղի մատնել կամ վտանգել Ռետ Պուլի դիրքը, սակայն մրցումէ մրցում կարծէք Մաքլարենն ալ սկսած է արդիւնքները բարելաւել:
Մերսետես առայժմ հեռու կը մնայ պայքարէն, սակայն Եւրոպայի մէջ կրան փրիներուն սկսելէն ետք ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ:
Անցեալ տարի Եւրոպան ջուրով ողողուած ըլլալուն պատճառով այս կրան փրին տեղի չէր ունեցած: 2022-ին Մաքս Վերշթափըն իր Ռետ Պուլով շահած էր թէ՛ փոլ փոզիշընը, թէ՛ ալ կրան փրին:
Այս շրջավազքի մրցանիշը կը պատկանի Լուիս Համիլթընի, որ 2020-ին 1:15.484 վայրկեան ժամանակ մը արձանագրած էր:
63 շրջանէ կազմուած է այս կրան փրին: Այրթոն Սեննա կը մնայ ամէնէն շատ փոլ փոզիշըն շահած վարորդը այս շրջավազքին վրայ:
Վերշթափըն այս տարուան 6 մրցումներէն 4-ը շահած է, մինչ Քարլոս Սայնց (Ֆեռարի) եւ Լանտօ Նորիս (Մաքլարեն) շահած են մնացեալ 2 մրցումները:


