Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Լիբանանեան Բանակ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 2-0

May 18, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ յետմիջօրէին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Լիբանանեան բանակի դէմ մրցումին:

Խումբը անփոփոխ կազմով դաշտ ներկայացած էր, եւ մրցումին սկիզբէն մրցակից խումբը բաւական կոշտ ֆութպոլ կը խաղար, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքն էին, որ կը ճնշէին բանակի բերդին վրայ, որուն պահեստի բերդապահը օրուան հերոսն էր:

Առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն, մրցակից խումբին օգտին սուլուեցաւ փենալթի մը, որ սակայն զսպուեցաւ ՀՄԸՄ-ի բերդին ձողին կողմէ, որմէ ետք հակայարձակումի մը վրայ մրցակից մը կարմիր քարտ ստացաւ կոլտ ֆաուլէ մը ետք: Կը կարծուէր, որ Բ. կիսախաղին թիւի առաւելութիւն ունենալով ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի առիթներ եւ անպայման կոլեր պիտի նշանակեն, սակայն առիթներ ստեղծուեցան, բայց մրցակիցը հակայարձակումի շնորհիւ կրցաւ օֆսայտէն փախչիլ եւ նշանակել կոլ մը 63-րդ վայրկեանին Մոհամետ Նաժմի միջոցով: 3 վայրկեան ետք, ՀՄԸՄ-ի մէկ քոռնըրէն ետք, գնդակը դպաւ մրցակիցի ձեռքին կոլի գիծին վրայ, սակայն Սերժ Օսքեանի հարուածը զսպեց մրցակից բերդապահը: ՀՄԸՄ շարունակեց ճնշել, իսկ մրցակիցը շարունակեց ժամանակ անցընել: Մեծ թիւով քոռնըրներ շահեցանք, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ 90-րդ վայրկեան, երբ հակայարձակումի մը վրայ բանակի խումբը նշանակեց երկրորդ կոլը:

Այժմ կը մնայ մոռնալ այս արդիւնքը եւ կեդրոնանալ յաջորդ մրցումին վրայ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի` Շապապ Ատլունի դէմ, Նըժմէի դաշտին վրայ, ուր անպայման 3 կէտերը պէտք է շահինք:

Երէկ Շապապ Ատլուն 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ղատ Աֆտալէն, մինչ Անսար Մաուատտա 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շեքքան:

Անցեալ շաբաթ Անսար Մաուատտա 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Ղատ Աֆտալին եւ այժմ կը գրաւէ Բ. խմբակին առաջին դիրքը:

Ստորեւ դասաւորումը` 2 մրցումներ ետք.

ԿԷՏ
1.- Անսար Մաուատտա 6 (7-0)
2.- Լիբանանեան բանակ 4 (3-1)
3.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3 (2-2)
4.- Ղատ Աֆտալ 3 (2-3)
5.- Շապապ Ատլուն 1 (1-3)
6.- Շեքքա 0 (0-6)

Նշենք, որ առաջին 2 դիրքերը գրաւող խումբերը կը բարձրանան Գ. դասակարգ:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ. Մինեսոթա Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց` Պարտադրելով 7-րդ Մրցում Մը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Ապատիէ

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.