Թրքական դատարանը 16 մայիսին երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը նախկին ղեկավարներ` զանոնք մեղաւոր ճանչնալով հոկտեմբեր 2014-ին երկրի շարք մը քաղաքներու մէջ զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու յանցանքով:
Կուսակցութեան նախկին ղեկավար, նախագահութեան նախկին թեկնածու Սելահեթթին Տեմիրթաշը դատապարտուած է 42 տարուան, կուսակցութեան փոխնախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը` 30, Մարտինի նախկին քաղաքապետ Ահմեթ Թիւրքը` 10 տարուան բանտարկութեան: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:


