Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Եկած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարելու Ժամանակը

May 15, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ԵԱՀԿ-էն կը պահանջէ լուծարել ղարաբաղեան տագնապի լուծման երկարամեայ միջնորդ Մինսքի խմբակը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ալիեւի պնդումով, հայկական կողմը այդ հարցին ընդդիմանալու պատճառ չունի:

«Եկած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ ատոր առնչուած բոլոր հիմնարկները վերացնելու ժամանակը: Ազրպէյճանական կողմը այդ հարցը արծարծած է, եւ չկայ որեւէ պատճառ, որ հայկական կողմը համաձայն չըլլայ», ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Եան Պորճի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

Ալիեւ կրկին քննադատած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած միջնորդական առաքելութիւնը եւ պնդած, որ եռանախագահներու հաստատութիւնը ծառայած է «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի շարունակման»:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը մէկ օր առաջ Հայաստան էր: Ան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Պորճ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ իրենք պիտի աջակցին Հայաստանին ու Ազրպէյճանին, «որպէսզի կարենանք համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնիլ»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին Մալթայի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը իր գործունէութեան 30 տարիներուն ընթացքին որեւէ ներդրում չէ ունեցած հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ»:

«Մենք կը կարծենք, որ կարիք չկայ պահպանելու այն մարմինները, որոնց լիազօրութիւնները սպառած են եւ որոնք իրենց բնոյթով հինցած են», աւելցուցած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:

«Մեր կարծիքով` երկկողմանի բանակցութիւններու գոյութիւնը դրական ձեւաչափ է: Վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք տարուած է: Իբրեւ դրական զարգացում, կարելի է նշել ապրիլին երկու երկիրներու սահմանի հատուածի սահմանազատման հոլովոյթը եւ չորս գիւղերու վերադարձը», յայտարարած է Պայրամով:

Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը իր կարգին յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ը կը լսէ երկու կողմերը: Մենք պէտք է ընդունինք նոր իրողութիւնները: Յոյսով ենք, որ շուտով կողմերուն միջեւ համապարփակ եւ կայուն համաձայնագիր ձեռք պիտի բերուի»:

 

 

Նախորդը

Պայրամով. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պէտք Չէ Բաց Կէտեր Ունենայ»

Յաջորդը

Բողոքի Ու Իրազեկման Շարժումներ Երեւանի Մէջ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախկին Վարչապետներու Հետ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.