Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սահմանազատման Գործընթացի Այլընտրանքը Եւ 94-ի Հրադադարը

May 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանազատման գործընթացի կասեցման պահանջին անպայման պէտք է զուգակցել այլընտրանքային առաջարկ ծրագիր, որպէսզի իշխանութիւններու առաջ մղած այն վարկածը, որ սահմանազատման կասեցումը համազօր է պատերազմի յայտարարութեան, չէզոքացուի:

Պէտք է առաջին հերթին արձանագրել`

Սահմանազատումը կ՛ընթանայ միակողմանի զիջումներով: Փոխանակումը այստեղ գետնի վրայ ենթահող չունեցող տեսութիւն է: Հայկական կողմը կը յանձնէ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ, դիմացը ոչինչ ստանալով:

Սահմանազատումը կը պարտադրուի հայկական կողմին: Ազրպէյճան որեւէ ձեւով չի խօսիր իր կողմէ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու ներխուժուած ըլլալու մասին:

Պաքուն կը յայտարարէ, որ առանց որեւէ կրակոցի հայկական կողմէն կը ստանայ չորս գիւղեր, եւ սահմանազատման գործընթացը կ՛ընթանայ իր ճշդած կանոններով: Որքան ալ ներքին լսարանին համար կատարուած ըլլայ այս յայտարարութիւնը, յամենայն դէպս կ՛ընդգծէ փաստացի իրողութիւնը:

Սահմանազատումը կ՛իրականանայ հատուածական եւ ոչ ամբողջական: Չէ մշակուած եւ կնքուած որեւէ պայմանագիր, որուն հիմամբ պիտի ընթանան սահմանազատման գործողութիւնները:

Ալմա Աթային պաշտօնապէս յղում կը կատարէ միայն Երեւանը, մինչ Պաքուն որեւէ պաշտօնական յայտարարութեամբ կամ գրաւոր յանձնառութեամբ չի խօսիր Ալմա Աթայի մասին:

Նոյն տրամաբանութեամբ Երեւանը թուային միաւորներով կը սահմանէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնները: Փոխադարձ կարգով Պաքուն նման միաւորներ չի նշեր որեւէ առիթով:

Չի յարգուիր Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը, որ վարչատարածքային փոփոխութիւններուն համար կը պահանջէ հանրաքուէի կազմակերպում:

Երէկ ամբողջացաւ 1994-ի հրադադարի համաձայնութեան 30-ամեակը: Այդ հրադադարը հետագայ վերահաստատումներով կը նուիրականացնէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող շփման գիծը: Միջազգային ճանաչում ունեցող այդ շփման գիծի անտեսումը կը բխէր Պաքուի շահերէն: Պաքուի իշխանութիւնները մինչեւ վերջ, մինչեւ Վիեննա եւ Ս. Փեթերսպուրկ աշխատեցան չէզոքացնել այդ որոշումները: Պաքուի կողմէ հրադադարի անվերջանալի խախտումները, յարձակումները, պատերազմական գործողութիւններու շղթայազերծումները նպատակ ունէին  չեղարկել 1994-ի հրադադարի փաստաթուղթը եւ ատով իսկ առ ոչինչ յայտարարել միջազգայնօրէն ընդունուած շփման գիծը: Պաքուի ռազմաքաղաքականութիւնը այս պատճառներով ալ Արցախի շփման գիծերէն պատերազմը կը փորձէր տեղափոխել Հայաստան-Ազրպէյճան պետական շփման գիծ, շրջելու համար միջազգային ընտանիքին կողմէ հաստատուած սահմանային դրոյթը:

Ալմա Աթային յղում կատարելով Երեւանը եւս կը միանայ 1994-ի համաձայնութեամբ եւ միջազգային ճանաչում ունեցած շփման գիծը ջնջելու Ազրպէյճանի ճիգերուն: Եթէ ճիշդ ընկալուէր միջազգային ընտանիքին կամ աւելի ուղղակի` Միացեալ Նահանգներու կամ հաւաքական Արեւմուտքի ակնկալութիւնը այս բոլորէն, ապա պիտի նկատուէր, որ սահմանազատման գործընթացը երկկողմ ձեւաչափով իրականացնելը սերտօրէն կապուած է ռուսական սահմանապահ ուժերու հեռացումին կամ ընդհանրապէս բանակցութիւններէն ռուսական գործօնի դուրս մղման աշխարհաքաղաքականութեան հետ:

1994-ի հրադադարով միջազգայնօրէն ճանչցուած շփման գիծը ուրեմն կարելի էր հիմք նկատել  սահմանազատման բանակցութիւններուն համար:

Այլընտրանքային ծրագիրին ելակէտը անհրաժեշտ է նկատել 1994-ի շփման գիծը: Ալմա Աթան որեւէ տեղ չէ օգտագործած պետական սահման բառակապակցութիւնը. ո՛չ ալ վարչական սահման ըսելաձեւը: Ըստ էութեան, գոյութիւն չունին պետական սահմաններ:

1994-ի հրադադարը վերահաստատող որոշումներուն մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի թափարգելային (պուֆերային) գօտիի ձեւաւորման մասին: Այս մէկը անհրաժեշտութիւն է, նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան ոտնահարած է եւ կը շարունակէ ոտնահարել իր կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնները:

Սահմանազատման կասեցման եւ նոր սահմանազատման գործընթացի համար ուրեմն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալները.

Ա.- Գործընթացը սկսելու համար ազրպէյճանական զօրքերը պէտք է հեռանան ներխուժուած տարածքներէն:

Բ.- Սահմանազատման համար նախ յանգիլ ընդհանուր համաձայնութեան եւ ոչ  թէ սկսիլ հատուածական բաժինով:

Գ.- Ազրպէյճանի վարքագիծը նկատի ունենալով եւ յղում կատարելով նախորդ որոշումներուն առաջադրել թափարգելային գօտի, զատուող սահմաններուն միջեւ, կանխարգիլելու համար նոր յարձակումները:

Դ.- Սահմանազատման համար հիմք ընդունիլ 1994-ի հրադադարին ընդունած եւ միջազգային հաստատում ունեցող շփման գիծը:

Ընթացքի մէջ եղող գործընթացը կասեցնելու եւ նոր ելակէտի վերադառնալու համար զանգուածային բողոքը հրամայական է: Նոր սահմաններ կը պարտադրուին մեր հանրապետութեան: Պարտադրանքի այս ընթացքը փոխելու համար անհրաժեշտ է սկսուած շարժումի համաժողովրդայնացումը:

Նախորդը

Անհնազանդութեան Շարժումները Շարունակուեցան Երեւանի Եւ Հայաստանի Զանազան Մարզերուն Մէջ. 177 Հոգի Բերման Ենթարկուեցան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Մայիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.