ՄԱՀԱԶԴ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ կաթողիկոսութեան Կալուածոց յանձնախումբի երկար տարիներու ատենապետ
ՅԱԿՈԲ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 13 մայիս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը կը գուժէ ազգային մարմիններու երկար տարիներու անդամակցած
ՅԱԿՈԲ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 13 մայիս 2024-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անայիս Արզումանեան-Շամլեան
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Միշա Սահակեան եւ դստերք` Ժիանա եւ Լիլիա
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Ռանիա Հատտատ-Շամլեան եւ դստերք` Գլէա, Գայ, Սիա
Հանգուցեալ Թերեզ Ունճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Ծովանուշ Գոլանճեանի ընտանիք
Շամլեան եւ Արզումանեան ընտանիքներ
Սահակեան եւ Հատտատ ընտանիքներ
Ունճեան եւ Գոլանճեան ընտանիքներ
Սաքաճեան եւ Հալէպեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, կեսրայրին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԼԵՒՈՆ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 13 մայիս 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 15 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 16 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՐԲԵՐԸ»
Նիւթերու ժողովածու նուիրուած «Թռչնոց բոյն»
Որբանոցի ստեղծման 100-ամեակին
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտ
«Մեսրոպ արք. Աշճեան» Մատենաշար թիւ 240
Երեւան, 2023
***
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ»
(ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐ)
Հեղինակ` ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ
Տպագրութիւնը` «Եգեա» տպագրատան
Երեւան, 2023
***
«ԲԱՆԱՀԻՒՍԱԿԱՆ» ՊԱՏՈՒՄԻ ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ»
(Կրօնափոխ Համշէնահայերի Մի Զուարճապատումի Տարբերակները)
Հեղինակ` ՍԵՐԳԷՅ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Հայաստանի գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ
ՀԱԻ հրատարակչութիւն
Երեւան, 2022
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, կարիք ունի հաշուապահի մը: Դիմել` հեռ. 03-164767 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
1.- Հայկական դպրոց մը կարիքը ունի մաքրութեան տիկիններու (առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00):
2.- Գրասենեակի արտաքին գործերը կատարող պաշտօնեայի մը (մոթորսիքլեթ վարելու կարողութեամբ եւ «ումումի» արտօնագիր ունենալը առաւելութիւն է):
Հեռ. 04-542037:
