Երէկ կանուխ առաւօտէն Երեւանի տարբեր փողոցներուն մէջ իրականացուած են անհնազանդութեան շարժումներ: Շուրջ 20 փողոց փակուած է: Քաղաքացիները կաթուածահար ըրած են երթեւեկութիւնը:
Ոստիկանները շարժումներուն մասնակիցներէն պահանջած են բանալ ճանապարհները: Անոնք անհամաչափ ուժ կիրարկած են քաղաքացիներուն նկատմամբ, զանոնք բերման ենթարկելով տարած են ոստիկանական բաժանմունքներ:
Սայաթ-Նովա փողոցի եւ Հիւսիսային պողոտայի հատման հատուածին մէջ ոստիկանները նախ փորձած են բերման ենթարկել 24-news.am լրատուական կայքի լրագրող Մերի Մանուկեանը, այնուհետեւ քաշքշած են զայն, որմէ ետք լրագրողի ինքնազգացողութիւնը վատթարացած է եւ ան ուշաթափուած է:
Անոր օգնութիւն ցուցաբերած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեանը եւ Գեղամ Մանուկեանը:
Ոստիկաններու գործողութիւններէն տուժած է նաեւ ABCmedia.am լրատուական կայքի լուսանկարիչ Մհեր Դաւթեան:
ABC media-ի եւ 24news-ի խմբագրութիւնները դատապարտեցին ոստիկանութեան անթոյլատրելի գործողութիւնները, լրագրողի մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտող արարքները եւ համապատասխան բոլոր կառոյցներէն պահանջեցին քննութեան առարկայ դարձնել կատարուածը:
Այս առնչութեամբ, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» քաղաքացիական շարժումը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի. «Խստօրէն կը դատապարտենք քաղաքացիներուն կողմէ խաղաղ անհնազանդութեան գործողութիւնները լուսաբանող լրագրողներու նկատմամբ բիրտ ուժի կիրարկումը ոստիկանական ուժերուն կողմէ»:
«Սա գործելաոճ չէ, մէկ անգամէն մայթին վրայ կանգնած, փողոցով անցնող մարդոց խոշտանգեցին. Լուսանկարիչներէն մէկուն ետեւէն այնպէս զարկին, որ տեսախցիկը վնասուեցաւ. Եւ ատիկա դիտաւորեալ կ՛ընեն», Աբովեան փողոցին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան` անդրադառնալով ոստիկանութեան գործողութիւններուն, որոնք բերման կ՛ենթարկեն փողոց փակած քաղաքացիները:
«Խոշտանգիչ են այս մարդիկ: Ճանապարհ փակող քաղաքացիներուն ոստիկանութիւնը պարտաւոր է ողջմիտ ժամանակ տալ, անոնց նկատմամբ քիչ մը բարեկրթութիւն դրսեւորել: Արցախը յանձնեցին, հիմա ալ Հայաստանը կը յանձնեն, որ դառնան Ազրպէյճանի ոստիկանութի՞ւն: Դուք տեսաք` Կիրանցի մէջ ինչպէ՛ս վերաբերեցան մարդոց, ինչպէ՛ս խոշտանգեցին: Դուք կարմիր գիծեր չունի՞ք: Ոստիկանները խոշտանգելու, ծեծելու, ջարդելու հրաման ստացած են: Բայց ատիկա հայրենատէր մարդոց վրայ պիտի չազդէ», ըսած է ան:
Բագրատ արք. Գալստանեանը եւս անդրադարձած է երէկ առաւօտէն սկսած անհնազանդութեան շարժումներուն` նշելով. «Ձեզ կը փճացնեն, փճացուցած են, բայց դուք կարելիութիւն ունիք վերականգնելու: Այս մարդիկ նաեւ ձեզի համար կը պայքարին, որ այդ գործընթացը տեղի չունենայ ձեզի հետ: Յիշեցէք, որ տուն պիտի երթաք, պատանիներ, երիտասարդ աղջիկներ, երէկ ալ մեր հերոսի մայրը քաշքշած էք, ձեզի համար նահատակուած ու զոհուած տղու մայրը: Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ այդքան եռանդուն թշնամիներուն դէմ պայքարէիք, ոչ թէ անոնց դէմ, որոնք եկած են ձեզ ալ ազատագրելու: Ըսած եմ` անոնք, որոնք այս ճանապարհով չեն անցնիր, բերման չեն ենթարկուիր, չեն կալանաւորուիր, անոնք յետոյ պատասխան պիտի տան, թէ ինչո՛ւ չեն կալանաւորուած»:
Անհնազանդութեան շարժումներուն ընթացքին բերման ենթարկուած են 177 անձեր, որոնք երեկոյեան ազատ արձակուած են:
Նշենք, որ երէկ անհնազանդութեան շարժումներ տեղի ունեցած են նաեւ մարզերուն մէջ:
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցները Գեղարքունիքի մէջ ինքնաշարժներու երթ կազմակերպած էր: Ինքնաշարժներու երթը սկսած է Վարդենիսի Երիտասարդութեան փողոցէն: Արագածոտնի մարզին մէջ եւս կազմակերպուած է ինքնաշարժներու երթ:
Փակուած է Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհը Բագրատաշէնի հատուածին մէջ:


