Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կոչ Ուղղեց` Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Պաշտպանութեան Համար Քայլեր Ձեռնարկելու

May 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը նամակ յղեց Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի մէջ Իսրայէլի ներկայացուցիչին, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու գծով Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամներուն, Եւրոպական Միութեան եւ Պելճիքայի հիմնական հրէական կազմակերպութիւններուն` անդրադառնալով Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին սպառնացող տագնապալի վիճակին: Նամակի հասցէատէրերուն կոչ կ՛ուղղուի` օգտագործելու իրենց լծակները` ճնշում գործադրելու Իսրայէլի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս համապատասխան քայլերու ձեռնարկեն եւ դադրեցնեն Երուսաղէմի մէջ խիստ մտահոգիչ եւ կործանարար զարգացումները:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Երուսաղէմի մէջ հայկական ներկայութիւնը առկայ է 4-րդ դարէն ի վեր եւ ունի պատմական մեծ նշանակութիւն: Սակայն անիկա ներկայիս վտանգուած է թաղամասին մէկ մասը իւրացնել փորձող ծայրայեղականներու, վերաբնակիչներու եւ գործարարներու յարձակողական գործողութիւններուն պատճառով: Վերջին միջադէպը աւստրալաիսրայէլացի գործարար Տենի Ռուպենշթէյնի հետ կապ ունեցող անձերուն կողմէ հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումն էր, որուն պատճառով վիրաւորուեցան եւ ձերբակալուեցան հայ բնակիչներ: Հակառակ  բողոքներուն եւ պաշտպանութեան կոչերուն` Իսրայէլի իշխանութիւնները վճռական քայլերու չեն ձեռնարկած Հայկական թաղամասը այս յարձակողական ներխուժումներէն պաշտպանելու համար:

«Այս զարգացումներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ Իսրայէլի իշխանութիւններուն` պաշտպանելու Երուսաղէմի իրավիճակը եւ ձեռնպահ մնալու Երուսաղէմի ժողովրդագրական կազմը, հաստատութիւններու կառուցուածքն ու ֆիզիքական, մշակութային եւ պատմական բնոյթը փոխելէ: Զուգահեռներ կատարելով երկու ազգերու` հայերու ու հրեաներու պատմութեան ընթացքին կրած տառապանքներուն միջեւ, ստիպուած ըլլալով պայքարիլ ցեղային ատելութեան դէմ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները պարտաւոր են կանխել եւ խուսափիլ Երուսաղէմի մէջ նման դէպքերէ:

«Իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ անոր յանձնախումբերը` Եւրոպայի 14 երկիրներուն մէջ, կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական Միութեան շահագրգիռ կողմերուն` օգտագործելու իրենց ազդեցութիւնը Երուսաղէմի մէջ Հայկական թաղամասի պահպանման գործին մէջ: Անհրաժեշտ է պահպանել Երուսաղէմի պատմական թաղամասերը, եւ Իսրայէլը պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ` կանխելու Հայկական թաղամասին մէջ հետագայ կործանիչ գործողութիւններն ու ահաբեկումները:

«ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ Երուսաղէմի հայ համայնքին իրաւունքներու եւ ժառանգութեան պաշտպանութեան իր գործունէութիւնը», կը նշուի նամակին մէջ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Պատանիները, Երիտասարդներն Ու Ուսանողները «Յանուն Հայրենիքի» Խորագիրով Ինքնաշարժերով Զօրակցական Երթ Կատարեցին

Յաջորդը

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կ՛աջակցի Ճշմարտութեան Արշաւին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.