Սահմանազատումը կը կատարուի մեր պայմաններուն հիման վրայ, եւ ասիկա մեր յաջորդ յաղթանակն է: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւուած Շուշի տեղափոխուած առաջին բնակիչներուն բնակարաններու բանալիներու յանձնման արարողութեան ժամանակ:
«Այսօր 1990 եւ 1992 թուականներուն բռնագրաւուած Ղազախի հողերը մեզի կը վերադարձուին առանց մէկ կրակոց արձակելու: Սահմանազատումն ու Սահմանագծումը կը կատարուին մեր պայմաններով, եւ ասիկա մեր հերթական յաղթանակն է: Այսօր մեր մէկ խնդրանքով Ղազախի չորս գիւղ մեզի կը վերադարձուի: Այդպէս ալ պիտի շարունակուի:
«Այստեղ խօսելու իրաւունքը մեզի կը պատկանի, մենք Կովկասի մէջ յառաջատար պետութիւնն ենք, մենք յառաջատար պետութիւն ենք տնտեսական, քաղաքական, զինուորական առումներով, բոլոր առումներով, բոլորը պէտք է մեզի հետ հաշուի նստին:
«Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ անոր ետին կանգնած արտաքին շրջանակները, անոնց սուտ խոստումներ տալով, պիտի զղջան, եթէ մեզ հաշուի չառնեն», ըսած է Ալիեւ:


