Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Կը Յուսամ Կարողանալ Պայտընի Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Շրջանցել, Սակայն Իսրայէլ Պատրաստ Է Կազայի Պատերազմին Մէջ Առանձին Կանգնելու»

May 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յոյս յայտնեց, որինք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կը կարենան շրջանցել Կազայի մէջ պատերազմին վերաբերեալ իրենց տարակարծութիւնները: Ան այս մասին յայտարարած է Իսրայէլին ամերիկեան կարգ մը զէնքերու մատակարարման առկախման լոյսին տակ:

Նեթանիահու «Տաքթըր Ֆիլ Փրայմ Թայմ» յայտագիրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Շատ յաճախ համաձայն էինք, սակայն մերմիջեւ նաեւ տարակարծութիւններ կային, եւ կրնայինք զանոնք յաղթահարել: Կը յուսամ հիմա ալ զանոնք շրջանցել, սակայն մեր երկիրը պաշտպանելու համար պէտք եղածը պիտի ընենք»:

Ան նշեց, որ Իսրայէլ «հարիւրաւոր զինուորներ» կորսնցուցած է, եւ «պէտք է Համասը Ռաֆահի մէջ պարտութեան մատնենք»` աւելցնելով, որ մինչեւ հիմա Համասի 24 զօրամասերէն 20-ը ոչնչացուած է:

Խօսելով յետպատերազմեան փուլին մասին` Նեթանիահու ըսաւ. «Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Կազայի մէջ քաղաքային կառավարութիւն մը ըլլալ, թերեւս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կամ կայունութեան ձգտող ուրիշներու օգնութեամբ»:

Նեթանիահու նախքան այդ իսրայէլացիներուն ուղղուած տեսաուղերձ մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է Կազայի մէջիր պատերազմին մէջ «առանձին կանգնելու»: «Եթէ պէտք է մինակ պայքարինք, մինակ պիտի պայքարինք: Ես արդէն ըսած եմ, որ եթէ ստիպուած ըլլանք, մենք նոյնիսկ եղունգներով պիտի պայքարինք», ըսաւ Նեթանիահու:

Ան նաեւ յիշեցուց, որ Իսրայէլի ստեղծումէն ետք ՄԱԿ-ը երկրին զէնքի մատակարարման դէմ արգելք հաստատած է, սակայն, Իսրայէլը յաջողած է 1948 թուականի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին մէջ անկախութիւն ձեռք բերել: Իսրայէլի վարչապետը նշեց, որ երկիրը այժմ դարձած է «շատ աւելի ուժեղ»:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փեսթորիուս յայտարարեց. «Պերլին կրնայ Իսրայէլի զէնքի մատակարարման հարցին մէջ հետեւիլ Ուաշինկթընի օրինակին, եթէ իսրայէլեան բանակը Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծէ»:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել հինգշաբթի օր Եւրոպայի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` Իսրայէլին զէնք չմատակարարելու:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Իսրայէլի զէնքերու մատակարարումը առկախելու ամերիկեան որոշումը առնչուած է 4 ապրիլին «Միջազգային խոհանոց» կազմակերպութեան անդամներու իսրայէլեան յարձակումով սպանութենէն ետք Պայտըն-Նեթանիահու լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան` նշելով, որ այդ հաղորդակցութիւնը շրջադարձ եղած է, որովհետեւ նախապէս Պայտըն չէ սպառնացած Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը դադրեցնել: Պայտըն սպառնացած է Նեթանիահուին, որ այդ քայլին պիտի դիմէ, եթէ Թել Աւիւ քաղաքայիններու եւ մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանք կատարողներուն պաշտպանութիւն չապահովէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընիր եգիպտացի պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ է պաղեստինցիներու որեւէ բռնի տեղահանման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Պլինքըն անգամ մը եւս արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի այն կեցուածքը, թէ Միացեալ Նահանգներ Ռաֆահի մէջ մեծ զինուորական գործողութեան չի զօրակցիր, եւ կը մերժէ Կազայէն պաղեստինցիներու որեւէ բռնի տեղահանութիւն:

Պլինքըն նաեւ նշած է, որիր երկիրը կը զօրակցի Ռաֆահի անցակէտի վերաբացման եւ հրատապ կերպով պահանջուած մարդասիրական օժանդակութեան հոսքի շարունակման: Նշենք, որ Իսրայէլ 6 մայիսին գրաւեց Ռաֆահի անցակէտը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Համասին եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեց` «ճկունութիւն ցուցաբերելու` կարելի եղածին չափ հասնելու համար Կազայի մէջ զինադուլի մը, որ նաեւ գերիներու ազատ արձակում կ՛արտօնէ»:

Իսրայէլեան պետական «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը պիտի տապալի, եթէ գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ: Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի եւ «Պետութեան ճամբար» համախմբումի անդամ նախարարներ Պենի Կանց եւ Կատի Այզընքոթ կառավարութենէն պիտի հրաժարին, որուն պատճառով կառավարութիւնը պիտի տապալի:

«Քան» աւելցուց, որ համախոհական կառավարութեան անդամներու մեծամասնութեան կարծիքով` բանակցութիւնները անելի մատնուած են, եւ մօտօրէն գործարքի շուրջ համաձայնութեան հասնելու առիթները չնչին են:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Սպիտակ տունը, հաղորդեց, որ Պայտըն իր աշխատանքային խումբին հրամանայած է շարունակել Իսրայէլի հետ աշխատանքը` Համասը «մնայուն պարտութեան մատնելու համար»:

Սպիտակ տունը նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ «Իսրայէլ ուղարկումը առկախուած զէնքերու վերաբերեալ վերջնական որոշում չտուին»` աւելցնելով. «Համասի տարրերը հետապնդելու կարգ մը այլընտրանքային կերպեր ներկայացուցինք Իսրայէլին»:

Նախորդը

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Յառաջիկայ Քանի Մը Շաբթուան Ընթացքին Զէնքի Եւ Սպառազինութեան Նոր Քանակներ Պիտի Ուղարկեն Ուքրանիա»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.