Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Չեմ Բացառեր, Որ Ազրպէյճանը Լայնածաւալ Յարձակման Դիմէ»

April 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը չի բացառեր, որ Ազրպէյճանը դիմէ Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակման. երէկ` 9 ապրիլին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ան:

«Եթէ մագլցումի վտանգ չկայ` ինչո՞ւ իշխանութիւնը մեր ժողովուրդը կը վախցնեն պատերազմով: Վերջերս Նիկոլ Փաշինեանը այցելած էր սահմանամերձ գօտի, ուր կը պատրաստուին տարածքներ յանձնել, ահաբեկած էր պատերազմով: Եթէ որեւէ վտանգ չկայ` պէտք չէ ժողովուրդը վախցնել, բայց, իրականութեան մէջ, ատիկա այդպէս չէ: Սա շատ յստակ ծրագրուած գործընթաց է. այնտեղէն կը վախցնեն, այստեղէն կը վախցնեն եւ կը ստեղծեն տպաւորութիւն, որ ուրիշ ճանապարհ չունինք, պէտք է զիջինք, որ կարենանք գոյատեւել», ըսաւ ան:

Ըստ անոր, բանաւոր խօսակցութիւնները կը զուգորդուին սահմանային լարուածութիւններով, որպէսզի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ստանան իրենց համար ընդունելի արդիւնքներ եւ հասնին իրենց նպատակին:

Ռուստամեան ըսաւ, թէ ինք գիտէ, թէ որքա՛ն պէտք է զիջիլ Ազրպէյճանին, որ բաւարարուին անոր պահանջները. «Մինչեւ հայկական ինքնութեան վերացումը, մինչեւ հայկական գործօնի վերացումը եւ Հայաստանի վերածումը «Արեւմտեան Ազրպէյճանի»: Բնականաբար, այս ընթացքը կ՛իրականացուի այս ահաբեկչական մթնոլորտը ստեղծելով, մենք ալ կ՛ըսենք` թոյլ ենք, անկարող ենք: Ես չեմ բացառեր, որ Ազրպէյճանը այս անգամ նաեւ լայնածաւալ յարձակման դիմէ, որ մէկ անգամէն խնդիրը լուծէ: Տեղական բախումներու ընթացքին Ազրպէյճանը միշտ հասած է որոշակի տեղական արդիւնքներու, բայց այս անգամ, կը կարծեմ, որ իրենց խնդիրը աւելի ընդհանուր է», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան ըսաւ, որ երբ Հայաստանէն կ՛ըսուի, որ այդ տարածքները ազրպէյճանցիներունն են, ատով զանոնք կը հրաւիրենք այդ տարածքները մտնելու, նաեւ` զօրքով:

Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նպատակն է Հայաստանը բերել այն վիճակին, որ որեւէ կարողութիւն անգամ չունենայ` պաշտպանելու իր նուազագոյն շահերը:

«Անոնք յստակ ծրագիր դրած են` չէզոքացնել հայկական գործօնը շրջանին», աւելցուց պատգամաւորը:

««Զանգեզուրի միջանցք»-ը եղած է եւ կը մնայ օրակարգի վրայ, ինչքան ալ այս իշխանութիւնները կը փորձեն ըսել, որ ատիկա հանուած է օրակարգէն», նշեց Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հետ կապուած պահանջներուն:

Նախորդը

«Ֆրանսան Ունի Սպառազինութիւն, Որ Բոլորը Կ՛ուզեն Ձեռք Բերել, Եւ Ֆրանսան Զայն Կու Տայ Հայաստանին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

Յաջորդը

Նշմար. Լոյսի Շողեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.