Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատուները Դադրեցան Ապահով Ըլլալէ» Կ՛ըսէ Խամէնէիի Խորհրդատուն

April 8, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական հարցերու խորհրդատու Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի յայտնեց, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ 27 դեսպանատուներ փակած է` վախնալով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին Իրանի հակադարձութիւններէն: Ան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ իսրայէլեան դեսպանատուները դադրած են ապահով ըլլալէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Սաֆաւի իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումներու զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին շեշտեց, որ Երուսաղէմի նահատակներուն արիւնը շրջանային ռազմավարութիւններուն մէջ հիմնական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնեն, եւ յայտարարեց, որ Դիմադրութեան առանցքը շրջանի ճակատագիրը պիտի ճշդէ, եւ պատրաստ է գործադրելու խիստ հակադարձութիւնը, որ պիտի գայ պատշաճ պահուն:

Անոր կարծիքով` Կազայի ներկայ պատերազմը պիտի փոխէ  աշխարհի անվտանգութեան, մշակութային եւ տեղեկատուական պատկերը: Ան գնահատեց աւելի քան 90 երկիրներու մէջ Իսրայէլի ոճիրներուն դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը:

Սաֆաւի նշեց, որ Իսրայէլի արարքները ցոյց կու տան, որ անոր ծրագիրները ձախողած են, անիկա անկարող եղած է իրագործել պատերազմին մէջ իր յայտարարած նպատակները` Համասը ոչնչացնելն ու գերիները ազատ արձակելը:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդատուն յայտնեց, որ Համաս գաղափար եւ իտէալ է, եւ զայն կարելի չէ ոչնչացնել: Ան շեշտեց, որ ազգերը իրենց հողերուն ազատութեան համար կը պայքարին, եւ ատիկա իմացական ու աստուածային աւանդութիւն է, իսկ բռնագրաւողները դատապարտուած են պարտութեան:

«Արապիա» կը հաղորդէ, որ ըստ կարգ մը հետախուզական տեղեկութիւններու, Իրան կը ծրագրէ «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերու երամներով եւ թեւաւոր հրթիռներով վրէժխնդրական յարձակում գործել, եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ հաւանական կը նկատեն, որ թիրախները շարք մը երկիրներու մէջ իսրայէլեան դեսպանատուներ ու հիւպատոսարաններ ըլլան:

Մինչ յարձակումի ժամկէտը կը շարունակէ ծածուկ մնալ, «Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ ամերիկացի կարգ մը պաշտօնատարներ հաւանական նկատած են, որ Իրանի հակադարձութիւնը տեղի ունենայ ռամատան ամսուան աւարտէն առաջ, այսինքն` յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին:

Շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ վիճակի մէջ է, եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Իսրայէլի վրայ իրանեան մեծ յարձակումի մը կը պատրաստուի:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ ըսած է. «Պաշտպանական համակարգը աւարտեց զարգանալիք որեւէ բեմագրութեան պարագային Իրանին հակադարձելու պատրաստութիւնները»:

Մինչ այդ, իրանցի ուսանողներու ԱՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց լուսանկարները իրանեան արտադրութիւն եղող հրթիռներու 9 տիպերու, որոնք ըստ գործակալութեան, կրնան Իսրայէլ հասնիլ:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պիտի Քննարկէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Հարցը

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Այցելութիւն Գոհար Կազմատուն Եւ Գրադարան

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.