Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտարարեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կայանան 12 մայիս 2024-ին:

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, կը նախատեսուի, որ լուսնի մահիկը երեւի երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2024-ի մայրամուտէն ետք:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 9000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած անփոփոխ: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.742.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.780.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.558.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 937.000 լ. ոսկի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի կիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Ճիլիըն Մեսիրին, որուն հետ քննարկեց խորհուրդին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները` օժանդակելու կիներու դերակատարութեան ուժեղացման ջանքերուն` յաւելեալ լուսարձակի տակ առնելով այդ աշխատանքները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Կազային, որքան ալ հսկայական ըլլան զոհողութիւնները եւ իրենց կողմէ վճարուած սուղ գինը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ շրջանը կը մղեն դէպի պատերազմ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի դեսպանները Ֆիթրի տօնէն ետք պիտի վերսկսին իրենց քայլերուն` այցելութիւններ տալով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի եւ Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Կը Զգուշացնեն Իսրայէլը

Յաջորդը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանի Հետ Իր Ստորագրած Համաձայնութիւնը Չ՛ուզեր Ջնջել

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.