Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Կը Զօրակցի Պքերքէի Երկխօսութեան

April 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հզօր Լիբանան» համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումը անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ արձանագրուած իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու մագլցումներուն, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ պատերազմի շարունակութեան, որոնք յստակ ցուցանիշներ են` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ պատերազմը ընդարձակելու եւ ամբողջ շրջանը պատերազմի մէջ ներքաշելու միտումին:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ իսրայէլեան վարուելակերպը դատապարտելի է եւ կ՛ենթադրէ թշնամիին տրուած պատրուակներուն թօթափումը: «Այսինքն` Կազայի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմական առանցքին վերջ մը պէտք է տալ, ինչպէս նաեւ հաստատել ապահովութեան, կայունութեան եւ անկախ Պաղեստինի մը հիմնումին առումով պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն բացարձակ զօրակցութիւնը», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

Անդրադառնալով քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն` համախմբումը զարմանք յայտնեց կառավարութեան լուռ մնալուն մասին` հաստատելով, որ հիմնականին մէջ անոր պատասխանատուութիւնն է կազմակերպել ընտրութիւնները:

Համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց Պքերքէի մէջ ընթացող երկխօսութեան` հաստատելով, որ անիկա ազգային երկխօսութիւն մըն է, որ կը հաստատէ ազգային սկզբունքները, հաւասարակշռուած համագործակցութեան սկզբունքը եւ կը յստակացնէ աշխատանքային ծրագիր մը, որ թարգմանը կը հանդիսանայ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան:

«Պքերքէի մէջ ընթացող երկխօսութիւնը կասկածի տակ առնելը մարոնի պատրիարքութեան, այդ երկխօսութեան մասնակցող կողմերուն եւ Լիբանանին սպառնացող գոյութենական հարցերուն դէմ գործուած չարիք է», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց ՄԱԿ-ի Թիւ 1728 Եւ Թիւ 1701 Բանաձեւերը

Յաջորդը

Իսրայէլ Հըզպալլան Կը Մեղադրէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերը Թիրախ Դարձնելու Յանցանքով

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.