Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ, եթէ ըսենք, որ գաթան սիրուած ու շատ յաճախ պատրաստուող հրուշակեղէն ըլլալէ բացի` նաեւ կը բացայայտէ մեր աւանդոյթներն ու պատմութեան իւրայատուկ դրուագները:
«Գաթայ» բառի ծագման առեղծուածը
Գաթայի հետ կապուած ամենաբարդ հարցերէն մէկը բառին ստուգաբանութիւնը պարզելն է: Կան վարկածներ, սակայն «գաթա» բառի ճշգրիտ ծագման հետ կապուած հարցը դեռ կը մնայ բաց:
Առաջին անգամ գաթայի մասին յիշատակած է Վարդան Այգեկցին իր «Խոզը եւ գաթան» առակին մէջ:
Պատմաբան Հասմիկ Հմայակեան կը նշէ, որ ակնյայտ է` գաթան լայն կիրարկութիւն ունեցած է ծիսատօնական համակարգի մէջ, սակայն հին մատենագրութեան մէջ չկան վերջինիս մասին յիշատակութիւններ:
Ժամանակին բառի հնարաւոր ստուգաբանութիւններէն մէկը «կաթ»-ն էր, որ ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանը հերքեց իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ:
Գաթան կը նմանցնէին նաեւ ֆրանսերէն «gâteau» (թարգմանաբար կը նշանակէ թխուածք) բառին, որ ամենայն հաւանականութեամբ պատահական համընկնում է:
Ըստ պատմաբանին, մեռած լեզուներէն մէկուն մէջ` խեթերէնի, որով խօսած են Հայկական Լեռնաշխարհի շրջակայ տարածքներուն մէջ ապրող ժողովուրդները, կար «գատայի» բառը, որ գաղափարագրով կը նշանակէ հաց:
Պատմաբանին խօսքով, խեթական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է 130-է աւելի հացատեսակներու մասին: Անոնց, ինչպէս նաեւ մեր ու աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու տօնածիսական համակարգին մէջ հացը ունէր շատ կարեւոր նշանակութիւն:
Այսպիսով, շատ հնարաւոր է, որ «գաթայ» բառը փոխառութիւն է խեթերէնէ, սակայն անկասկած է, որ հնագոյն երեւոյթ է եւ ունի ծիսական արմատներ:
Գաթայի հետ կապուած հաւատալիքներն ու աւանդոյթները
Գաթայ պատրաստած են եւ մինչ օրս ալ կը պատրաստեն գրեթէ բոլոր տօներուն: Հին ժամանակներէ ի վեր անիկա զարդարած է նշանտուքի, հարսանիքի, Նոր տարուան, Բարեկենդանի եւ շատ մը այլ տօներու սեղանները:
Ժամանակին անիկա պատրաստած են մեղրով ու խաղողի ռուպով, իսկ այժմ առաւելապէս կ՛օգտագործուի շաքարը: Գաթայի բազմաթիւ տարատեսակները ունեցած են տարբեր ձեւեր ու չափեր` իւրաքանչիւրը իր իմաստով ու կիրարկութեամբ:
Օրինակ` Սեբաստիոյ մէջ նշանտուքէն ետք, մինչեւ հարսանիք ինկած ժամակահատուածը, փեսային կողմէն հարսի տուն կ՛ուղարկուէր մեծ փախլաւա, որուն վրայ կը դրուէր քանի մը փոքր գաթայ` իբրեւ ապագայ երջանիկ ընտանիքի եւ քաղցրութեան խորհրդանիշ:
Գաթայի հետ կապուած իւրայատուկ աւանդոյթ կար նաեւ Նոր Նախիջեւանի մէջ, ուր միշտ հետեւողական էին ազգային արժէքներուն հանդէպ: Այստեղ կը թխէին յատուկ գաթայ, որ կը կոչուէր Թել գաթայ (անուան ծագումը ամենայն հաւանականութեամբ կը վերաբերի խմորի բաղադրութեան):
Հարսանիքէն քանի մը օր առաջ կը հաւաքէին մեծ պարկերով ալիւր, շաքար եւ իւղ, կը կանչէին բարեկամ եւ հարեւան կիները, որպէսզի բոլորը միասին թխեն գաթան:
Ամէն մէկը կու գար իր գրտնակով եւ կը մասնակցէր գաթայի թխման աշխատանքներուն:
Իսկ երբ անիկա արդէն պատրաստ էր, փեսաին բարեկամ երիտասարդ տղաները գաթաները կը տեղաւորէին խուրջիններու մէջ, ձիեր կը հեծնէին ու հերթով կ՛այցելէին հարազատներու տուներ եւ նման գեղեցիկ ու խորհրդանշական ձեւով կը հրաւիրէին հարսանիքին:
Կարելի է ըսել, որ այս ձեւով գաթան կը փոխարինէր մերօրեայ հրաւիրատոմսը:
Գաթայի հետ կապուած հնագոյն աւանդոյթներ կային նաեւ Վանի մէջ: Հարսանիքէն առաջ, այն մեծ տաշտի շուրջ, ուր պէտք էր պատրաստուէր գաթայի խմորը, մոմեր կը վառէին: Ասիկա հնագոյն ծիսական արմատներ ունեցող արարողութիւն է, որ վերաիմաստաւորուած է եւ հետագային մեկնաբանուած իբրեւ հարսի` մոմի պէս միշտ վառ ըլլալու խորհրդանիշ:
Գաթան անպակաս էր նաեւ Նոր տարուան սեղանէն: Պատմաբանի խօսքով, Նոր տարիին կլոր գաթայ թխելը եւ անոր մէջ մատանի կամ մետաղադրամ դնելը բաւական տարածուած էր Գիւմրիի մէջ:
Կը համարուէր, որ ընտանիքին այն անդամը, որուն բաժին կը հասնէր մետաղադրամը կամ մատանին պահող գաթայի կտորը, պիտի ունենար յաջողակ տարի: Իսկ տուեալ իրը ան իր մօտ պէտք էր պահէր ամբողջ տարուան ընթացքին:
Այս սովորութիւնը տարածուած էր նաեւ հին Երեւանի մէջ: Իբրեւ տարուան ամիսներու խորհրդանիշ` գաթան կը կտրէին 12 մասի եւ կը բաժնէին ընտանիքի անդամներուն:
Ամանորին տարածուած էր նաեւ փոքրիկ գաթաներ թխելու սովորութիւնը: Այդ գաթաներուն մէջ փոս կ՛ընէին եւ կու տային երեխաներուն: Անոնք այդ փոսերւն մէջ ցորենի հատիկներ կը լեցնէին եւ գաթաները կը դնէին տան տանիքը, որ թռչունները գան ու կտցահարեն:
Շատ հետաքրքրական է, որ գաթան օգտագործուած է նաեւ բուժական նպատակներով:
Երբ երեխան ուշ կը քալէր, մայրը կը թխէր կլոր գաթայ, միջուկը կը հանէր, գաթան երեխայի ոտքերուն կ՛անցնէր, միւս գաթաները կու տար երեխաներուն, որ վերցնեն ու վազեն, որպէսզի չքալող երեխան տեսնէ եւ ինքն ալ ուզէ վազել անոնց ետեւէն:
Ի հարկէ ասոնք գաթայի հետ կապուած աւանդութիւններու եւ հաւատալիքներու փոքր մէկ մասն են միայն, որոնք, սակայն, կը փաստեն, որ գաթան ունեցած է յաջողութեան, բարեկեցութեան, երջանկութեան, քաղցրութեան, հիւանդութիւններէ բուժելու, առատութեան խորհուրդ:
Պատահական չէ, որ կ՛ըսեն` «Տատը ամէն օր գաթայ չի թխեր», կամ «Պապը ամէն օր գաթայ չ՛ուտեր», այսինքն ամէն անգամ յաջողութիւն չ՛ըլլար:
Գաթայի վրայի նախշերուն խորհուրդը
Որքան առանձնայատուկ ու հետաքրքրական են գաթայի հետ կապուած աւանդութիւններն ու հաւատալիքները, նոյնքան ալ հետաքրքրական է գաթայի նախշազարդումը, որ ունի իւրայատուկ խորհուրդ:
Գաթայի վրայի նախշերը ըրած են յատուկ գործիքի` գաթանախշիչի օգնութեամբ, որ մասնաւորապէս պատրաստուած է փայտէ եւ կաւէ:
Յաճախ հանդիպող նշաններէն եղած են երկնային լուսատուներու պատկերները, որոնք կապուած են լուսնային կամ արեւի պաշտամունքի հետ: Քրիստոնէական շրջանին առաւել գերակշռող կը դառնայ խաչի նշանը:
Շատ յաճախ թխուած է կլոր ձեւ ունեցող գաթայ, որ խորհրդանշած է տարին:
Կայ նաեւ վարկած, որ տարբեր ընտանեկան տոհմեր ունեցած են իրենց առանձնայատուկ նշաններով գաթանախշիչներ, եւ երբ տօներու ժամանակ փոխանակուած են գաթաներով, հնարաւոր եղած է պարզել, թէ ո՞ր գաթան ո՛ր տոհմինն է եւ համէն դատելով` ընտրած են ապագայ հարսը, որ ենթադրաբար չափազանցութիւն է:
Այժմ Հայաստանի փայտարուեստի թանգարանին մէջ կը պահպանուին գաթանախշիչներու նմուշներ:
Նիւթը` foody.am/blog-էն
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը


