ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը հինգշաբթի գիշեր մրցում մը ունէր Մէյրուպայի դէմ:
Համակիրներու գեղեցիկ մթնոլորտէն ոգեւորուած, մեր տղաքը շատ լաւ ձեւով սկսան մրցումը եւ առաջին մասին 41-17 արդիւնքով յառաջացան:
Ճամալ Ճոնզ, որ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց, 18 կէտ նշանակեց, մինչ Զեք Լոֆթըն 10 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ժերար Հատիտեան (6 կէտ) Կեպի Աճէմեան (4 կէտ) եւ Ժատ Խալիլ (3 կէտ) եղան ՀՄԸՄ-ի առաջին 5 մարզիկներու շարքին:
Երկու բան կրնանք ըսել առաջին 10 վայրկեաններուն մասին: Մենք շատ լաւ էինք, իսկ մրցակիցը շատ վատ էր:
Մրցակիցը, որ 6 մարզիկներով կը մասնակցի իր վերջին քանի մը մրցումներուն, ստիպուած զգուշ կը խաղայ ֆաուլերու հարց չունենալու համար: Երկրորդ մասին ՀՄԸՄ սկսաւ հանգստացնել իր մարզիկները, եւ դաշտ ներկայացան Ճիմի Սալեմ (4 կէտ), Սերուժ Աւետիսեան (3 կէտ) եւ Թանիոս Աքիքի: Ճոնզ 6 կէտ եւս աւելցուց, Զեք` 4, Ժերար` 3 կէտ:
Այս մասին մրցակից խումբը 33 կէտ նշանակեց, իսկ ՀՄԸՄ` 20: Կիսախաղէն ետք մրցումը լրջացաւ, մանաւանդ որ մրցակից խումբի մարզիկները ֆաուլերու հարց չունէին, եւ օտար մարզիկները աւելի սկսան ճեղքել եւ իրենք ֆաուլ շահիլ:
3-րդ մասին ՀՄԸՄ չնչին առաւելութիւն մը ունեցաւ Մէյրուպայի վրայ, ուր Տուէյն Ճեքսըն դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով Զեք Լոֆթընը:
4-րդ մասին, ՀՄԸՄ, որ 12 կէտի առաւելութիւն ունէր, չկրցաւ իր խաղաոճը եւ փայլքը գտնել, եւ Մէյրուպա մրցումի աւարտէն մօտ 5 վայրկեան առաջ 7 կէտի նուազեցուց տարբերութիւնը:
ՀՄԸՄ փորձեց հեռանալ, Մէյրուպա վերստին մօտեցաւ: Մրցումի աւարտին 2 վայրկեանէն քիչ մը աւելի կար, երբ իրաւարարը թեքնիքըլ ֆաուլ սուլեց Զեք Լոֆթընի դէմ, գնդակը կորսնցնելէ ետք ֆաուլ պահանջած էր… Երբ Զեք Լոֆթըն շարունակեց իր գանգատները, վտարուեցաւ դաշտէն եւ ինքնաբերաբար պիտի բացակայի Էն. Էս. Էյ.-ի մրցումէն (սկզբունքով` յառաջիկայ շաբաթ օր):
Զեք Լոֆթըն պէտք է փորձէ աւելի զուսպ ըլլալ, բան մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կ՛ըսենք, բայց ըստ երեւոյթին իրաւարարներն ալ գիտնալով «իր տկար կէտը», կը փորձեն գտնել ամէնէն պզտիկ սխալը` զինք պատժելու համար: Հիմա այս բնական եղանակի մրցումներուն մեծ հարց չ՛ելլեր, բայց երբ ֆայնըլզը սկսի եւ նաք աութի մրցումներու ժամանակ երբ զօրաւոր մրցակիցի դէմ ըլլայ մրցումը, ոեւէ մարզիկի վտարումը շատ սուղի կը նայի իր խումբին:
Յոյսով, որ Զեք Լոֆթըն եւ իրեն նման «տաք-գլուխ» մարզիկներ աւելի հանդարտ կ՛ըլլան, որովհետեւ այս խումբը անձնական խումբ չէ, այլ` ՀՄԸՄ, որ տասնամեակներով արտադրած է կրթուած մարզիկներ եւ տիպար մարզիկներով օրինակ դարձած է թէ՛ մեր նոր սերունդներուն, թէ՛ ալ լիբանանեան մարզական շրջանակին:
Վերադառնալով մրցումին` ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ չազդուեցան Զեք Լոֆթընի բացակայութենէն, շարունակեցին իրենց ընթացքը եւ կրցան մրցումը աւարտել 103-89 արդիւնքով:
Ժատ Խալիլ 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց վերջին մասին, եւ կը պատասխանէր ամէն անգամ, որ Մէյրուպա կը փորձէր մօտենալ:
Մրցումի աւարտին, Ճամալ Ճոնզ 34 կէտ նշանակեց` մասնակցելով մրցումին ամբողջ 40 վայրկեանները, ձեռք ձգելով 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ, 9 ռիպաունտ եւ էսիսթ, 6 սթիլ եւ 1 պլոք:
Խմբապետ Ժերար Հատիտեան 20 կէտ նշանակեց` 7 ռիպաունտի կողքին: Զեք Լոֆթըն 16 կէտ նշանակեց 31 վայրկեանի ընթացքին, եւ 10 ռիպաունտ` 6 էսիսթի կողքին:
Ժատ Խալիլ 15 կէտ նշանակեց (5 յաջող 3 կէտնոց կողով), Կեպի Աճեմեան (6 կէտ), Տուէյն Ճեքսըն (5 կէտ) Ճիմի Սալեմ (4 կէտ) եւ Սէրուժ Աւետիսեան (3 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի 103 կէտերը:
ՀՄԸՄ այս մրցումին կրցաւ մասնակցիլ 9 մարզիկներով, որոնք բաւական օգնեցին հիմնական 5-ին:
Այս մրցումէն առաջ, Շանվիլ 81-76 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անթունիէի դաշտին վրայ, մինչ երէկ Էն. Էս. Էյ. անակնկալի բերաւ Անդրանիկը վերջին մասին (35-19) եւ կրցաւ մրցումը յաղթել Տեմիրճեան կեդրոնի դաշտին վրայ, 82-91 արդիւնքով:


