Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Եւ Գրաւեց 6-րդ Դիրքը

March 23, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լուքա Տոնչիչ 34 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ, իր խումբը` Տալաս Մեւրիքսը առաջնորդելով 113-97 արդիւնքով յաղթանակի` Եութա Ճեզի դէմ:

Տալաս բարելաւեց իր դիրքը` արձանագրելով 7-րդ յաղթանակը վերջին 8 մրցումներուն, եւ գրաւեց 6-րդ (ապահով) դիրքը փլէյ օֆի մրցումներուն ուղղակիօրէն հասնելու յոյսով: Տակաւին 12 մրցումներ կան, եւ պայքարը սուր է Ֆինիքս Սանզի, Սաքրամենթոյի եւ Տալասի միջեւ` ապահով դիրք մը գրաւելու համար:

Տոնչիչ, որ 18 թրիփըլ տապըլ արձանագրած է այս եղանակին, 4-րդ մասին 4 վայրկեան խաղցաւ եւ չկրցաւ ռիպաունտ կամ էսիսթ կատարել:

Տանիէլ Կեֆորտ 24 կէտ ձեռք ձգեց, իր ամէնէն շատը` փետրուարին միանալէ ետք Տալասի: Ան 70,8 տոկոսով կը նշանակէ` գրաւելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն բարձր կէտ նշանակելու տոկոս ունեցող ցանկի պարագլուխի դիրքը:

Քայրի Ըրվինկ նշանակեց 16 կէտ, որոնց 11-ը` 2-րդ կիսախաղին: Քոլին Սեքսթըն նշանակեց 20 կէտ` ի նպաստ Եութայի:

Անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց 113-100 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Եորք Նիքսի դէմ:

Նիքոլա Եոքիչ տարեշրջանի իր 21-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 30 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ: Ճէյլըն Պրանսըն 26 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորքի:

Ֆինիքս Սանզ 3 կէտերու շարանէ մը ետք կրցաւ յաղթել Աթլանթա Հոքսին` 128-115 արդիւնքով:

Արդարեւ, Սանզի մարզիկները 22 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին, ուր փայլեցաւ Տեւըն Պուքըր` նշանակելով 30 կէտ, 6 հատ 3 կէտնոց կողովներով: Կարեւոր էին մանաւանդ անոր 4 հատ 3 կէտերը` վերջին մասին:

Էրիք Կորտըն իր կարգին 4 անգամ յաջող 3 կէտնոց կողով նշանակեց` նշանակելով ընդամէնը 21 կէտեր:

Քեւըն Տիւրենթ 19 կէտ նշանակեց, մինչ Կրէյսըն Էլըն 13 կէտ (3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ): Տեճոնթէ Մարէյ 29 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց 1 ռիպաունտով ետ մնաց (9 ռիպաունտ) թրիփըլ-տապըլ իրագործելէ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սաքրամենթօ Քինկզ 109-102
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 121-106
Միլուոքի Պաքս – Պրուքլին Նեթց 115-108
Հիւսթըն Ռոքեթց – Շիքակօ Պուլզ 127-117
Տալաս Մեւրիքս – Եութա Ճեզ 113-97
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Եորք Նիքս 113-100
Ֆինիքս Սանզ – Աթլանթա Հոքս 128-115

 

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Առաւօտ` Աւստրալիոյ Կրան Փրին

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ահլի Սարպա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.