Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան»

March 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բարձր կը գնահատեմ ձեր անձնական ղեկավարութիւնը, որ դուք յստակ կ՛արտայայտուիք խաղաղութեան օգտին եւ հաւատարիմ էք ժողովրդավարութեան արժէքներուն»: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը:

«Հայաստանը շատոնց ՕԹԱՆ-ի գործընկերն է: Դրական կը գնահատեմ ձեր ներդրումը ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն: Մենք քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան կարեւորութիւնը, անիկա կարեւոր է եւրոատլանտեան անվտանգութեան համար, որովհետեւ հիմա կանգնած ենք աւելի վտանգաւոր աշխարհի առջեւ:

«Այսօր Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կարելիութիւն ունին տեւական խաղաղութեան հասնելու երկարատեւ տագնապէ ետք, երկու երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեմ հասնելու համաձայնութեան, որ ուղի պիտի հարթէ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», նշեց Սթոլթենպերկ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղութեան ձգտումներուն:

«Ես կ՛ողջունեմ ձեր համերաշխութիւնը Ուքրանիոյ հետ եւ մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ կարելի ամէն բան ընեն, որ Փութին չի յաղթէ իր պատերազմին մէջ: Մարտադաշտին մէջ կացութիւնը կը մնայ ծանր, եւ ճիշդ ատոր համար պէտք է աւելցնենք մեր աջակցութիւնը», նշեց ան:

Սթոլթենպերկի համաձայն, եթէ Փութին Ուքրանիոյ մէջ յաջողութեան հասնի, ապա իրական վտանգ կայ, որ «յարձակումը այնտեղ կանգ պիտի չառնէ, եւ մենատիրական այլ ենթականեր պիտի ոգեշնչուին ատով»:

Փաշինեան իր կարգին յայտնեց. «Կ՛ակնկալենք միջազգային ընտանիքի, ներառեալ ՕԹԱՆ-ի հաստատակամ աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ հարկադրանքի եւ սպառնալիքի քաղաքականութեան մերժման»:

«Ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցած եմ նաեւ 1991-ի Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանագիծէն զօրքերու հայելային ետքաշման, սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման, չյարձակելու մասին համաձայնագիրի ստորագրման առաջարկները, որոնք մինչեւ օրս դրական արձագանգ չեն ստացած Պաքուէն:

«Մենք հաւատարիմ ենք նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգին: Թուրքիոյ հետ 2022-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործումը կրնայ դրական ազդել հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման վրայ: Առիթ ունեցած ենք նաեւ անդրադառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու բարեփոխումներու օրակարգին, ընդգծած եմ, որ այս հոլովոյթը ուղղուած չէ որեւէ պետութեան դէմ եւ միտուած է բարձրացնելու զինեալ ուժերու պաշտպանական կարողութիւնները` ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ ան:

«Յոյսով ենք, որ Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը, անհատապէս յարմարցուած գործընկերութեան ծրագիրը շուտով պիտի հաստատուի», յայտնեց Փաշինեան:

 

Նախորդը

«Տաւուշի Մարզը Զարգացման Մեծ Կարելիութիւններ Ունի» Կ՛ըսէ Չինաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

«Ռազմավարական Ճանապարհներուն Նկատմամբ Վերահսկողութեան Կորուստը Պիտի Բազմապատկէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգային Սպառնալիքները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.