Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Որոշ Պահու, Ուքրանիոյ Մէջ Գետնի Վրայ Ռուսիոյ Դէմ Գործողութիւնները Կրնան Անհրաժեշտ Ըլլալ»

March 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Արեւմուտքի կողքին Ուքրանիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւնները կրնան «որոշ պահու» անհրաժեշտ ըլլալ:

Ան Պերլինէն վերադարձին իր կատարած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց. «Թերեւս որոշ պահու, ես այդ մէկը չեմ ուզեր ու նախաձեռնութեան պիտի չդիմեմ, բայց պէտք է ռուսական ուժերու դիմակայման համար գետնի վրայ գործողութիւններ ըլլան, ինչ ալ ըլլան անոնք»:

«Ֆրանսայի ուժը անոր մէջ է, որ կրնայ ատիկա կատարել», աւելցուց Ֆրանսայի նախագահը:

Ֆրանսան Ռուսիայէն Պիտի Խնդրէ Ողիմպիական
Խաղերու Ընթացքին Զինադադար Հաստատել

Ռուսական «Առ.Պի.Սի.» կայքը հաղորդեց, որ Մաքրոն ուքրանական հրատարակութիւններուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսան Ռուսիայէն պիտի խնդրէ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ զինադադար հաստատել: «Այո՛, մենք ատիկա պիտի խնդրենք», ըսած է ան:

Մաքրոն նշած է, որ սպիտակ դրօշի տակ Ողիմպիական խաղերուն ռուս մարզիկներու մասնակցութիւնը «շատ ուշադիր պիտի վերահսկուի», որպէսզի «մարզիկներէն ոչ մէկը այս կացութենէն օգտուի»:

Ան բացատրած է, որ կ՛ուզէ լսելի դարձնել «խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան ուղերձը» եւ հասնիլ Ուքրանիոյ տարածքներու վերադարձին:

Նշենք, որ Փարիզի Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսէն մինչեւ 11 օգոստոս: Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէն դեկտեմբերին յայտարարած էր ռուս եւ պիելոռուս մարզիկներու` խաղերուն բացառապէս չէզոք կարգավիճակով մասնակցելու մասին. անոնց պիտի արգիլուի իրենց երկիրներուն հետ որեւէ կապ ցոյց տալ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Մաքրոնի առաջարկին, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց. «Ես պատասխան առաջարկ կ՛ընեմ Մաքրոնին. դադրեցնել մատակարարումը զէնքի, որ կ՛օգտագործուի խաղաղ բնակիչներու սպանութեան համար, ինչպէս նաեւ դադրեցնել ահաբեկչութիւնը հովանաւորելը»:

Զախարովա Ֆրանսայի նախագահին նաեւ խորհուրդ տուաւ նմանատիպ առաջարկ ներկայացնել միջինարեւելեան տագնապի կողմերուն:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պէյրութի Դաշտին Մէջ

Յաջորդը

Բուռն Կերպով Քննադատելով Պայտընը` Նեթանիահու. «Իսրայէլ Քանի Մը Շաբաթէն Մուտք Պիտի Գործէ Ռաֆահ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.