Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Հանրապետութեան Նախագահին Անունով Չէ Որ Կը Բանակցինք»

March 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման հարցով ֆրանսացի բանագնաց Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութիւնը եղած է դրական:

Պըրրի նշեց, որ Լը Տըրիան հարց տուած է հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ քննարկած է նախագահական դատարկութեան հարցը լուծելու քայլերը:

«Լը Տըրիանը տեղեակ պահեցի Ազգային չափաւորական պլոքի նախաձեռնութեան մասին եւ հաստատեցի անոր հանդէպ մեր զօրակցութիւնը` խոստանալով դարձեալ խորհրդակցիլ զարգացումներու արձանագրման պարագային», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պէտք է արագ եւ անմիջական կերպով կատարուի` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի ճակատին հարցերը պէտք է անջատել իրարմէ: «Ընդհակառակն` պատերազմական իրավիճակը պէտք է մղէ, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արագանայ», յայտնեց ան:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի տրամադրած փաստաթուղթին մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի նշեց. «Լիբանանեան եւ ամերիկեան կողմերուն պատրաստած փաստաթուղթերը կը համընկնին իրարու` աւելցնելով, որ շուրջ 13-14 կէտեր կան, որոնք ամբողջութեամբ նոյնն են: Տարակարծութիւն յառաջացուցած յօդուածներէն մէկը այն է, որ ամերիկեան կողմը կը պահանջէ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը տարբեր փուլերով գործադրել, մինչդեռ Լիբանան կը շեշտէ այդ բանաձեւին ամբողջական գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս որ պահանջած է Լիբանանի խորհրդարանը»:

Պըրրի դիտել տուաւ նաեւ, որ Հոքշթայնի ներկայացուցած առաջարկը չի պահանջեր, որ Հըզպալլա դէպի հիւսիսային Լիթանի նահանջէ, «այդ պատճառով ալ բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ այս փաստաթուղթը ի շահ Լիբանանին կը նկատեն», աւելցուց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահին անունով չէ որ կը բանակցին, այլ` կը խօսին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին:

Նախագահական ընտրութեան թեկնածու, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէէն հրաժարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան անոր թեկնածութեան` աւելցնելով, որ իրենք ընտրած են Պքերքէի մէջ հանդիպում կայացուցած մարոնի համայնքի հիմնական չորս ղեկավարներէն մէկը:

 

Նախորդը

Պասիլ Քրիստոնեաները Համախմբելու Կոչ Կ՛ուղղէ Ռայիին Եւ Կը Հաստատէ, Որ Հըզպալլայի Հետ Փոխըմբռնումի Համաձայնութեան Կը Վերադառնայ, Եթէ Ան Դարձեալ Համագործակցի

Յաջորդը

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.