Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հայ Դատը Քուկդ Չէ…

March 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

«Ես չեմ զարմանում նորից արթնացած բիւր ճիւաղներից,
Զարմանում եմ ես նորից համբերող իմ ժողովուրդից,
Զարմանում եմ ես եւ չեմ վախենում օտար թշնամուց,
Խորանը երկրիս ներսից էր քանդւում եւ արդէն վաղուց»:
ԱՐԹՈՒՐ ՄԵՍՃԵԱՆ

Ամիսներէ ի վեր կը խուսափիմ գրելէ եւ լսելէ…  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողին ձայնը ջղային անհանգստութիւններ կը պատճառէ, սակայն 12 մարտին Դիմատետրի վրայ պատահմամբ «հանդիպեցայ», երբ ձեռքը բռնած էր Հայաստանի Հանրապետութեան քարտէսը, կարծես` խաղալիք մըն էր… Կը հանէր ու կը դնէր… Այսպէս կոչուած` աքթ մը, որ իր ձեւին մէջ ինքնին վարկաբեկիչ էր եւ վիրաւորական, սակայն բարոյազրկուած ղեկավարութենէն ուրիշ բան կարելի չէ սպասել:

Քարտէսը ձեռքին` վարչապետի աթոռը շահագործողը բազմիցս հաստատեց, որ նշեալ քարտէսի սահմաններէն անդին ո՛չ մէկ պահանջ ունի, ո՛չ մէկ ձգտում, ո՛չ մէկ ակնկալութիւն… Այստեղ ակնարկութիւնը Արցախին կապուած չէր, որովհետեւ արդէն Հայաստանի իշխանութիւններուն համար Արցախ չկար ու այսօր ալ ֆիզիքապէս չկայ: Հոս վարչապետը Թուրքիոյ տուրք կը վճարէր` պաշտօնապէս յայտարարելով, որ Հայ դատ գոյութիւն չունի, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն անդին պահանջներ չկան:

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի նախօրեակին վարչապետին այս քայլը Էրտողանին պատասխան էր եւ հաւատարմութեան հրապարակային խոստովանութիւն, ինչպէս նաեւ ներքին առումով` սահմանադրական փոփոխութիւններու ենթահող պատրաստող քայլ: Յառաջիկայ օրերուն վարչապետին «պոչիկ»-ները կը սկսին տարածել այս սահմաններէն անդին «բան մը չենք ուզեր»-ի կարգախօսը, որպէսզի «հայութիւնը փրկուի»: Երբ հասարակութիւնը գինովնայ նշեալ լոզունքներով, ապա կը ձեռնարկուի կարգախօսի «պաշտօնականացման», որուն եզրայանգումը կ՛ըլլայ սահմանադրական փոփոխութիւնը:

Այլեւս չեմ զարմանար, եթէ վաղն իսկ Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւն կատարուի եւ արձանագրուի, որ հայ ժողովուրդը ոչ մէկ պահանջ ունի Թուրքիայէն, եւ Ցեղասպանութեան հարցը լոկ պատմական խնդիր է: Չեմ ալ զարմանար, եթէ վարչապետը գիւղեր յանձնելու գործին ընթացք տայ, եւ ժողովուրդը «մարսէ»: Տակաւին չեմ զարմանար, եթէ ուզեն քանդել Սարդարապատն ու Ծիծեռնակաբերդը… Արցախին յանձնումը «մարսող» հաւաքականութիւնը ամէն ինչ ալ կրնայ ընդունիլ, որովհետեւ դժբախտաբար Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը մտահոգ է միայն իր թաղամասով, իր բնակարանի ու ստամոքսի սահմաններէն անդին այլ հետաքրքրութիւն, մտահոգութիւն ու կամ ալ ազգային պատկանելիութեան զգացողութիւն չունի: Այս ալ իրականութիւն է, ընդունի՛նք կամ ոչ:

Իսկ Հայ դատը Հայաստանի իշխանութիւններուն չի պատկանիր, այլ համայն հայութեան խնդիրն է, որուն մէջ ծանրակշիռ բաժին ունի սփիւռքը: Ոեւէ վարչապետ, նախագահ, կառավարութիւն եւ նոյնիսկ Ազգային ժողով բարոյական ու ազգային իրաւունքը չունի համայն հայութեան անունով որոշումներ կայացնելու: Երբե՛ք:

Այո՛, Հայաստանի գիւղերու յանձնումը, պաշտօնապէս Հայ դատէն հրաժարումը եւ այլ ապազգային քայլեր վարչապետն ու իր «հօտ»-ը կրնան կատարել, այս ընթացքով պիտի կատարեն, սակայն ասկէ անդին իմ, իմ զաւակներուս, իմ կուսակցութեանս, իմ միջավայրիս եւ իմ դաստիարակութեամբս պատրաստուած սփիւռքի սերունդին ո՛չ հոգիէն եւ ո՛չ ալ միտքէն կրնան հանել ամբողջական Հայաստանին գաղափարը եւ պահանջատիրութեան ոգին, ի՛նչ ալ փորձեն ընել…

1915-էն երեք տարի ետք մայիս 28 կերտած ազգը, օտար ափերուն մէջ «փոքր հայաստաններ» կառուցած գաղութները, 1988-ի երկրաշարժի վիշտին մէջ ու խորհրդային լուծին տակ Արցախ ազատագրած հաւաքականութիւնը վաղն ալ ոտքի պիտի կանգնի, մինչ դատասպաններն ու դաւաճանները պիտի հեռանան եւ կամ հեռացուին մեր իրականութենէն…

– Հայ դատը քուկդ չէ՛…

Հայ դատը հետապնդելու իրաւունքը այն հայուն է, որ կը հաւատայ հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներու ու հարցերու հետապնդման պայքարին, որ` չի դաւաճաներ հաւաքական յիշողութեան, որ` կը պահպանէ ազգային ժառանգութիւնն ու արժէքները, որ` կ՛առաջնորդուի համահայկական մտածողութեամբ եւ որոշումներով, որ` կը յարգէ նահատակներն ու հերոսները, որ` կ՛ուզէ տեսնել Անին ու Շուշին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, մէկ ու միացեալ քարտէսով…

 

 

Նախորդը

Անթուան Մուլթաքա. Լիբանանեան Թատրոնի Հսկայ Մը Կնքեց Իր Մահկանացուն 87 Տարեկանին

Յաջորդը

103 Տարի Առաջ. Սողոմոն Թեհլիրեան Գետին Կը Փռէր Դահճապետ Թալէաթը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.