Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Վճռական Է Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու. Անիկա Լիակատար Յաղթանակի Համար Անհրաժեշտ Է»

March 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Երուսաղէմի մէջ Նետերլանտներու վարչապետի պաշտօնակատար Մարք Ռութէի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարեց, որ Իսրայէլ վճռական է Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու, որովհետեւ ատիկա անհրաժեշտ է Համասի դէմ լիակատար յաղթանակ տանելու համար:

Նշենք, որ այս հանդիպումը 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Նեթանիահուի եւ Ռութէի միջեւ 4-րդն է:

Նեթանիահուի գրասենեակին համաձայն, զրոյցի ընթացքին Իսրայէլի վարչապետը «ընդգծած է, որ բանակի Ռաֆահ մուտքը չափազանց կարեւոր է` պատերազմի նպատակներուն հասնելու համար»:

Նեթանիահու նաեւ այն կարծիքը յայտնած է, թէ «Պաղեստին պետութեան միակողմանի ճանաչումը Համասի համար ձեռքբերում պիտի նկատուի»:

Իսրայէլի վարչապետը Նետերլանտներէն խնդրեց միանալ Կիպրոսէն դէպի Կազա մարդասիրական ծովային միջանցքին:

Նեթանիահու նախքան այդ ալ Ամերիկեան-իսրայէլեան հասարակական հարցերու յանձնախումբի` ԷՅՓԱՔ-ի Ուաշինկթընի մէջ կայացած խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած առցանց ուղերձին մէջ յայտարարեց. «Իսրայէլ Ռաֆահի դէմ զինուորական արշաւին մէջ յառաջ պիտի ընթանայ»:

«Իսրայէլ Ռաֆահի մէջ առաքելութիւնը պիտի աւարտէ, մինչ քաղաքայիններուն կարող պիտի դարձնէ վնասուելու ճամբէն հեռանալու», յայտնեց Նեթանիահու:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ բախումը մեծապէս հրապարակային դարձաւ, երբ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Պայտընի վարչակազմը ամբաստանած է Նեթանիահուի կառավարութիւնը խարխլելով:

«Անոնք, որոնք Իսրայէլի վարչապետը կ՛ընտրեն, Իսրայէլի քաղաքացիներն են, եւ ոչ թէ` ոեւէ մէկ այլ անձ: Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն ենթակայ պետութիւն մը չէ, այլ անկախ եւ ժողովրդավարական պետութիւն մը, որուն քաղաքացիները իրենք կառավարութիւնը կ՛ընտրեն», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մեր բարեկամներէն կ՛ակնկալենք, որ աշխատանք տանին Համասի համակարգը տապալելու, եւ ոչ թէ` Իսրայէլի ընտրուած կառավարութիւնը»:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ին յայտնած է. «Իսրայէլի նկատմամբ Ուաշինկթընի դժգոհութիւնը բարձրացաւ 29 փետրուարին օժանդակութիւններու կարաւանի ռմբակոծումէն ետք»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց Նեթանիահուին ուղղուած պատգամով մը յայտնեց. «Ամբողջ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը Ռաֆահի մէջ գործելու հարցին մէջ միասնակամ է, եւ պէտք է բոլորս մարդասիրական օժանդակութիւններու (Կազա) մուտքը արտօնենք»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարութենէն աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Համաս շարժումը համաձայնած է Կազայի մէջ ամերիկեան կողմի առաջարկած զինադադարի ծրագիրին:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու առաջարկած ծրագիրը կը նախատեսէ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցում եւ տեղահանուածներու աստիճանական վերադարձ իրենց տուներ:

Համասի պատուիրակութիւնը մօտ օրէն պիտի այցելէ Գահիրէ` քննարկելու համար գործարքի մանրամասնութիւններն ու անոր գործադրման ժամկէտները:

Համաս, սակայն, երէկ հերքեց այս տեղեկութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն, մեկնաբանելով Իսրայէլ զէնքի փոխանցման սահմանափակումներ մտցնելու հեռանկարի մասին հարցումը, յայտնած է, որ իր երկիրը այս փուլին մտադիր չէ սահմանափակումներ մտցնել Իսրայէլին զէնք ու զինամթերք մատակարարելու հարցին մէջ:

«Երկրորդը, մենք հետեւողականօրէն հասկցուցած ենք, որ մեր ներկայ քաղաքականութիւնը չի ներառեր այնպիսի քայլեր, որոնց մասին դուք կը խօսիք», ըսած է Սալիվըն:

Նախորդը

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հիւլէական Պատերազմին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.