Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Թռուցիկներ` Ուազզանիի Վերեւ

March 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի Ուազզանի շրջանին վերեւ երէկ կէսօրին նետեց թռուցիկներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Հարաւային Լիբանանի զաւակներ, Հըզպալլա վտանգի կ՛ենթարկէ ձեր եւ ձեր ընտանիքներուն կեանքերը, ինչպէս նաեւ բնակարանները` իր մարտիկները եւ զէնքի պահեստանոցները տեղադրելով ձեր բնակութեան վայրերուն մէջ: Տանդ շրջափակէն, ընտանիքիդ հաշուոյն, իսկապէս մեղք է»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի, Մաժիտիէի հովիտի, Արքուպի, Ռաշայայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, ինչպէս նաեւ Զահլէի վերեւ:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Ժըպպայն եւ Համամես շրջանները:

Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշայի դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորները` անոնց շարքերուն մէջ արձանագրելով մեռեալներ եւ վիրաւորներ:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը անօդաչու թռչող չորս սարքերով յարձակում գործեց իսրայէլեան Քայլաահ դիրքին վրայ եւ ռմբակոծեց իր ճշդած թիրախները:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Թայհաթի բարձունք դիրքը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումը:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը եւ անոր շրջակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Մարժ դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորները եւ իսրայէլեան Խըրպեթ Մաայեր դիրքին վրայ գտնուող հրասայլերն ու լրտեսական սարքերը:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Մանսուրիի Հանդիպումները Դրական Են

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Միւֆթի Տըրիան Միքաթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.