Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբերը մինչեւ այսօր 7 հանդիպում ունեցած են. այս փուլին յանձնախումբերու գործունէութեան ծիրին մէջ աշխատանքներ կը տարուին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման համար անհրաժեշտ կարգաւորիչ դաշտի ստեղծման ուղղութեամբ: Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գրասենեակի մամլոյ ծառայութենէն:
Մեկնաբանութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը չ՛ընդունիր վերջին շրջանին հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարական աղբիւրներէ տարածուող տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը կը գտնուին Ազրպէյճանի բռնագրաւումին տակ:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, չճանչնալով ատիկա, կը պահանջէ ազատել իր 4 բռնագրաւուած գիւղերը: Այս առնչութեամբ ազրպէյճանական կողմը անհրաժեշտ կը նկատէ նշել, որ մինչեւ պետական սահմանի սահմանազատում կատարելը, ամբողջովին անհիմն է յայտարարել, որ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը բռնագրաւուած են: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած ազրպէյճանական 4 գիւղերուն (Բաղանիս-Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խէյրիմլի, Կըզըլ Հաճիլի), ապա անոնց Ազրպէյճանին պատկանելիութիւնը անվիճելի է, եւ անոնք ենթակայ են անյապաղ ազատման: Սահմանազատման հոլովոյթի ծիրին մէջ պիտի լուծուի նաեւ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ազրպէյճանի 4 էքսքլաւային գիւղերու (Վերին Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու, Տիգրանաշէն) ազատման հարցը», կը նշէ մեկնաբանութեան մէջ:


