Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդապետեան Լա Հէյի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Փութինը Ձերբակալելու Հրամանագիր Տուած Դատախազին Հետ

March 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանը Նետերլանտներ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ 5 մարտին Լա Հէյի մէջ հանդիպում ունեցած է Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խանի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Խան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանագիրը տուած դատախազն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանը այս տարուան 1 փետրուարէն դարձած է Միջազգային քրէական դատարանի անդամ` Հռոմի կանոնադրութեան միացած 124-րդ մասնակից պետութիւնը` Արեւելեան Եւրոպայի խումբէն 19-րդ պետութիւնը:

Վարդապետեան Խանին շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպումի պատրաստակամութեան համար եւ ընդգծած, որ հանդիպումը պիտի նպաստէ Միջազգային քրէական դատարանին հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ապահովելուն, ներպետական ընթացակարգերու վերանայման ու զանոնք Կանոնադրութեան կէտերուն համապատասխանեցնելուն:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ քննարկուած է երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շրջանակ:

Ռուսիոյ Հեռահար Օդուժի Եւ Սեւծովեան Նաւատորմիղի
Հրամանատարներու Ձերբակալման Հրամանագիր

Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանը ձերբակալման միջազգային հրամանագիր արձակուած է Ռուսիոյ օդուժի հեռահար ուժերու հրամանատար Սերկէյ Քոպիլաշի եւ Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղի հրամանատար Վիքթոր Սոլովի դէմ: Այս մասին հաղորդեց «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Ռուս բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալման հրամանագիրը արձակած են Միջազգային քրէական դատարանի դատաւորներ Թոմոքօ Աքանէն եւ Ռոսարիօ Այթալան:

Քոպիլաշ եւ Սոքոլով կը կասկածուին 10 հոկտեմբեր 2022-էն մինչեւ 9 մարտ 2023 կատարուած զինուորական յանցագործութիւններուն համար:

Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանի զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Քոպիլաշը եւ Սոքոլովը կրնան պատասխանատու ըլլալ նշուած ժամանակահատուածին մէջ Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառոյցներուն վրայ հրթիռային յարձակումներու համար: Դատարանը եզրակացուցած էր, որ ռուս զինուորականները դիտաւորեալ թիրախաւորած են քաղաքային կառոյցները:

Միջազգային քրէական դատարանի զեկուցումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ հարուածները Ուքրանիոյ թիրախներուն, որոնք կրնան իբրեւ զինուորական դասակարգուիլ, շատ աւելի զգալի վնաս հասցուցած են խաղաղ բնակութեան եւ շատ աւելի նուազ չափով խաթարած են Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը:

Նախորդը

Հոքշթայնի Առաքելութեան Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Տիրէ

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. «Ամերիկեան Եւ Եւրոպական Միջնորդութիւնները Ամէնէն Յուսալի Երաշխիքներն Են»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.