Կիրակի օր տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի կազմակերպած Պեքաայի Բ. դասակարգի զտումի մրցումներու առաջին հանգրուանի վերջին մրցումները:
ՀՄԸՄ Այնճարի խումբը գրաւեց առաջին դիրքը` ձեռք ձգելով 14 կէտ, եւ շահեցաւ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Կը շնորհաւորենք Այնճարի մեր խումբին տղաքը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն:


