Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խրիմը Հարուածելու Ծրագիրի Սպրդումէն Ետք. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Մօտ Կը Կանչէ Գերմանիոյ Դեսպանը

March 5, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր իր մօտ կանչեց Մոսկուայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ալեքսանտր Լամպստորֆը` գերմանացի սպաներու միջեւ Խրիմի կամուրջը հարուածելու խօսակցութիւններու սպրդումէն ետք:

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի խմբագրապետ Մարկարիթա Սիմոնեան ուրբաթ օր հրապարակած էր 19 փետրուարին գերմանացի սպաներու միջեւ խօսակցութեան ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք կը քննարկեն Սեւ ծովուն մէջ Քերչի նեղուցին ճամբով Խրիմի կամուրջը հարուածելու կարելիութիւնները:

Սիմոնեան նշեց, որ զրոյցին մասնակցած են Գերմանիոյ օդուժի հրամանատարութեան գործողութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Ֆրանք Կրիֆին եւ օդուժի քննիչ Ինկօ Կերհարցն ու գործողութիւններու կեդրոնին մէջ պաշտօնեայ Վինսքի Ուաֆրոտսթիտը:

Անոնք քննարկած են կամուրջը գերմանական «Թորուս» հրթիռներով հարուածելու կարելիութիւնները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտնեց. «Գերմանիայէն տեղի ունեցածին վերաբերեալ բացատրութիւն կը պահանջենք, եւ Պերլին պարտաւոր է այդ բացատրութիւնը անմիջապէս ներկայացնելու»:

«Հարցումներուն պատասխանելէ խուսափելու փորձերը մեղաւորութեան խոստովանութիւն պիտի նկատենք», աւելցուց ան:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուս` մեկնաբանելով գերմանական բանակի բարձրաստիճան զինուորներու գաղտնալսուած զրոյցին հրապարակումը, յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Գերմանիոյ դէմ տեղեկատուական պատերազմ կը վարէ»:

«Խօսքը ապատեղեկատուութեան նպատակով կատարուած է խառնածին յարձակումի մասին է: Մենք պէտք չէ տարուինք Փութինի հնարքներէն», աւելցուցած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Սամարա Մարզին Մէջ Երկաթուղային Կամուրջը Պայթեցուած Է

Յաջորդը

Ապպաս Այսօր Թուրքիա Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.