Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Պորաուի Իմամը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թունուզեան յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս` իր ղեկավարած նախարարութեան իրաւասութիւններուն ծիրին մէջ:
Համիէ ընդգծեց, որ Լիբանան պատրաստ է Թունուզ-Պէյրութ-Թունուզ ուղղակի թռիչքները վերահաստատել` աւելցնելով, որ այս իմաստով նախարարութիւնը ամէն տեսակի դիւրութիւնները պիտի ընծայէ` նկատի ունենալով այդ թռիչքներուն կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Իմամ բարձր գնահատեց Համիէի կողմէ ցուցաբերուած ընդառաջումը` երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի թռիչքները վերահաստատելու առաջարկին իմաստով:
Հանդիպում Թլայսի Հետ
Համիէ ընդունեց նաեւ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայսը, որուն հետ քննարկեց ցամաքային փոխադրութեան մարզին վերաբերող հարցեր, յատկապէս` Տահր Պայտարի փապուղիին թղթածրարը:
Հանդիպումին ընթացքին Համիէ հաստատեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզին դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւններէն է ցամաքային փոխադրութեան սակի ճշդումը` նկատի ունենալով սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքին վերիվայրումները: Ան աւելցուց, որ նոր սակի պատկերացումը տակաւին կը քննարկուի նախարարութեան կողմէ:
Թլայս գնահատեց նախարարութեան ջանքերը` թէ՛ փոխադրութեան սակի ճշդումին եւ թէ՛ Տահր Պայտարի փապուղիի կառուցման առումով:


