Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին Ասմար շնորհակալութիւն յայտնեց Միքաթիին` կառավարութեան կողմէ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն առիթով` ընդգծելով, որ իրենց համար կարեւոր է ելեւմտական հաւասարակշռութիւնը պահպանել:
Ասմար հաստատեց նաեւ, որ կառավարութեան տուած լուծումը մասնակի է եւ ոչ ամբողջական` նկատել տալով, որ տրուած յաւելումները աշխատավարձի կողքին տրամադրուած գումարներ են, հետեւաբար պաշտօնեաներուն կամ զինուորականներուն ծառայութեան աւարտին նկատի չեն առնուիր: «Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջն է, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն յաւելումը ուղղակիօրէն աւելնայ անոնց աշխատավարձին վրայ», ըսաւ ան:
Ասմար Միքաթիի հետ քննարկեց նաեւ սեփական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումին հարցը:
Ան նշեց, որ Միքաթիէն պահանջած են անձամբ միջամտել եւ այդ մէկը իրականացնել:
«Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը այսօր պէտք էր նիստ մը գումարէր` ճշդելու համար սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները, սակայն թիւերուն շուրջ տարակարծութիւն արձանագրուեցաւ, եւ այդ պատճառով ժողովը յետաձգուեցաւ: Միքաթիէն պահանջեցինք միջամտել եւ աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամին ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ Տնտեսական խորհուրդներուն միջեւ համաձայնութիւն մը հովանաւորել:
«Սեփական մարզը անկարելի է, որ իր ընթացքը առանց յաւելումներու շարունակէ: Կը մաղթենք մօտիկ ապագային վկայել սեփական մարզի պաշտօնեաներուն տրուելիք յաւելումները, որպէսզի աշխատաւոր դասակարգը կարենանք աւետել իր իրաւունքներուն որոշ բաժինին տրամադրման մասին, մասնաւորաբար` մեր դիմագրաւած այս տագնապալի ու ծանր ժամանակաշրջանին», շեշտեց Ասմար:


