Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Պալամանտի պատրիարքարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Մքերի նշեց, որ շրջանին վիճակը բաւական վատ է` աւելցնելով, որ պէտք է կառչած մնալ հողին, ինչպէս նաեւ մշակութային, կրօնական եւ աւանդներու բազմազանութեան: «Եւ որովհետեւ մեր երկիրը երկխօսութեան վրայ հիմնուած է, պէտք է մեր հարցերը քննարկենք, հակառակ երկրին ապրած բոլոր տագնապներուն, ինչպէս` հարաւային Լիբանանի կացութիւնը եւ անոր դէմ գործուող իսրայէլեան մնայուն բռնարարքներն ու նախագահական ընտրութեան տագնապը», շեշտեց ան:
Մքերի եւ Եազիժի պատրիարքը ընդգծեցին նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով նաեւ, որ երկխօսութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան` անոր բացակայութիւնը:
Մքերի նկատել տուաւ, որ ցարդ յայտարարուած է նախագահական ընտրութեան մէկ թեկնածու, որն է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, «հետեւաբար քաղաքական այն խմբաւորումը, որ կը մերժէ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, պէտք է առաջադրէ այլ լուրջ թեկնածու մը, որպէսզի նախագահական ընտրութեան մասին խօսինք խորհրդարանին մէջ», աւելցուց ան:
Մքերի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը ընդարձակուելուն մասին մտահոգութիւններ եւ մտավախութիւններ կան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հարաւային Լիբանանի բախումներուն առաջքը առնելու նպատակով:


