Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարի աւագ խորհրդական Մարթին Սեմփսըն եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւն մը այցելեցին Լիբանան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Սեմփսընն ու բրիտանական պատուիրակութիւնը ընդունեց Այն Թինէի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները, յատկապէս զինուորական գործողութիւնները` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներու շարունակութեան լոյսին տակ:
Բրիտանացի զինուորականը այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին ներկայացուց այն ջանքերը, որոնք շրջանին մէջ ի գործ կը դրուին` խաղաղութիւնը վերականգնելու եւ դիւանագիտական լուծումներ տրամադրելու, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան հարցին վերջնական լուծում ապահովելու համար:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ իր կարգին ընդունեց Սեմփսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կացութիւնն ու Լիբանան-Բրիտանիա պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Սեմփսըն այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


