ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւններն ու նախարարութեան ծրագիրները` կանաչապատ շրջաններ ստեղծելու, կենսոլորտը բարգաւաճեցնելու, ինչպէս նաեւ աղբահանումի բնագաւառը տնօրինելու մասին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի ընդունեց երեսփոխան Էլիաս Ժրատէն, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Ժրատէ անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլի դէմ դատական հարց յարուցուի` միջազգային օրինականութեան հարթակներուն, մասնաւորաբար` Արդարութեան միջազգային ատեանին մօտ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Շթուքըլ Շթիլվըրտը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքն ու այդ հարցին մասին Եւրոպական Միութեան ու Գերմանիոյ կողմէ իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քլաուսի հետ: Քլաուս Տապպուրի ներկայացուց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումի կասեցման ունենալիք հետեւանքները` Լիբանանի մէջ ապրող պաղեստինցի գաղթականներուն վրայ` աւելցնելով, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր պաղեստինցիներուն տառապանքը մեղմացնելու իմաստով:


