Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Ամէն Ինչ Կատարուի, Որպէսզի Ճանչցուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Յայտարարեց Մարքուլիս

April 6, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու-Մարքուլիսը:

Ողջունելով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց հետեւեալը. «Մենք Կիպրոսը կը դիտենք իբրեւ բարեկամ պետութիւն, իսկ կիպրացիները` իբրեւ մեր եղբայրները: Եւ ատիկա պատմականօրէն ձեւաւորուած մօտեցում է, որուն վրայ ալ այսօր մենք կը խորացնենք մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հայաստանը խորապէս շահագրգռուած է այդ յարաբերութիւնները օրը-օրին ամրապնդելու: Ոչ միայն անցեալին, այլ նաեւ ներկայիս մենք ունինք բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ եւ մեծ աշխատանք ունինք կատարելիք: Մենք պատրաստ ենք այդ աշխատանքը իրականացնելու»:

Հայաստանի նախագահը եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեցին, որ հայ-կիպրական բարեկամութիւնը խարսխուած է շատ ընդհանրութիւններ ունեցող երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ ասիկա իր առաջին այցելութիւնն է Հայաստան, եւ շատ տպաւորուած է: Այս ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներէն բացի, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր: « Շատ յուզուած եմ այն ամէնով, ինչ որ տեսայ եւ լսեցի: Մեր երկու ժողովուրդներն ալ պատմութեան ընթացքին անցած են մեծ ողբերգութիւններու եւ փորձութիւններու ընդմէջէն», ըսաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը` ընդգծելով, որ պէտք է ամէն  ինչ կատարուի, որպէսզի հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած այդ ոճիրը միջազգային ճանաչում ստանայ:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն` կիպրահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքին համար:

Հանդիպում` Աժուպալիսի Հետ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիսը:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց հայ-լիթուանական բարեկամական համագործակցութեան խորացումը`  նկատի առնելով նաեւ Լիթուանիոյ փորձառութիւնը եւրոպական համարկման հոլովոյթին մէջ: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Լիթուանիոյ աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ:

Աժուպալիս իր անկեղծ ուրախութիւնը յայտնեց Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրի աշխուժ եւ յաջող բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւններուն առիթով` ընդգծելով, որ իր համոզումով, Հայաստան ուժեղ քայլեր կ՛առնէ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ուղղութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

Յաջորդը

Գորշ Գայլերը Ֆրանսահայերուն Դէմ Կը Գործեն Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւններուն Եւ Կառավարութեան Հետ Համագործակցութեամբ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.